Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ հրդեհներուն պատճառով զոհերու թիւը հասաւ 24ի. կան նաեւ 23 անհետացածներ։
Մինչ Երեքշաբթի օր ակնկալուող Սանթա Անա անունով ծանօթ սաստիկ քամիները հրդեհներուն տարածման վտանգը ստեղծեցին, վերջին քանի մը օրերուն համեմատաբար հանդարտ պայմաններէն օգտուելով, հրշէջները կրցան որոշ յառաջխաղացք մը արձանագրել հրդեհներուն դէմ իրենց պայքարին մէջ, որուն շնորհիւ իրենց բնակարաններէն հեռու մնալու հրահանգին տակ գտնուողներուն թիւը իջաւ 92,000ի, մինչ 89,000 ուրիշներ հեռանալու համար պատրաստ ըլլալու վիճակի մէջ կը գտնուին։
Ներկայիս, Լոս Անճելըսի տարածքին մէջ երեք մեծ հրդեհներ կը շարունակուին:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, թէ աղէտը պատերազմի տեսարաններ կը յիշեցնէ եւ խոստացաւ դաշնակցային առաւելագոյն օժանդակութիւնը տրամադրել:
Վնասներ կրած քաղաքացիները կրնան այցելել DisasterAssistance.gov կայքը, օժանդակութիւններու կարելիութիւններուն ծանօթանալու համար, միջհամայնքային մակարդակով, տուժած անձերուն անմիջական աջակցութիւն տրամադրելու կամաւոր աշխատանքը կը շարունակուի։
Իր կարգին, Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ յայտնեց, թէ աղէտը՝ իր պատճառած նիւթական վնասին չափանիշով կրնայ վերածուիլ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մեծագոյն բնական աղէտին։