8 Յունուարին, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Ազգային ապահովութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմատիան Պաքու տուած այցելութենէն ետք հասաւ Հայաստան:
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան իր պաշտօնակիցը դիմաւորեց Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ:
Մինչ այդ, ըստ ատրպէյճանական կողմի պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ Պաքուի մէջ Ահմատիան հանդիպում ունեցած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
Ըստ նոյն հաղորդագրութեան` իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնեան նախ «շնորհաւորեց Ատրպէյճանը՝ իր տարածքները բռնագրաւումէ ազատելուն առիթով եւ ըսաւ, որ իրենք այդ գծով շատ ուրախ են»:
Ատրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկեցին երկկողմ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր, որոնց կարգին՝ Հիւսիս-հարաւ երթեւեկի միջանցքի զարգացման կարեւորութիւնը եւ Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ եռակողմ համագործակցութեան ձեւաչափը: