Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին յանձնարարեց գոյքագրել արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ գտնուող բանակցային թուղթերը, եւ ծրարին հնարաւոր հրապարակումը Հայաստանի պետական ապահովական շահերու դիտանկիւնէն քննարկելէ եւ գնահատելէ ետք որոշում պիտի տրուի զայն հրապարակել/չհրապարակելու մասին, տեղեկացուց «Ազատութիւն»ը, որ նախորդ տարեվերջին Փաշինեանին հարցուցած էր, թէ արդեօք պատրա՞ստ է հրապարակելու մինչեւ իր պաշտօնավարութիւնը եւ նաեւ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին Արցախի հարցի կարգաւորման վերաբերող պաշտօնական փաստաթուղթերը, որպէսզի հանրութիւնը առանց քաղաքական շահարկումներու, ճշգրիտ փաստերու ծանօթանալով ի՛նք հետեւութիւններ կատարէ:
Նշենք, որ այսպիսի կոչով մը հանդէս եկած էին կարգ մը հանրային գործիչներ: Նախորդ տարեվերջին, Փաշինեանին այդպիսի կոչով մը դիմած էր նաեւ Հայաստանի նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան` բանավիճելու փոխարէն անոր առաջարկելով հրապարակել Արցախի բանակցութիւններուն վերաբերող բոլոր փաստաթուղթերը: