ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Մինչ կը թղթատէի «Նայիրի»ի հին հաւաքածոները, բոլորովին անսպասելիօրէն իմ դիմաց ցցուեցաւ թերթին լման մէկ էջը գրաւող սա շատ հետաքրքրական ծաղրանկարը, որ գործն է ծանօթ երգիծանկարիչ Մասիս Արարատեանի:
Իսկական յայտնութիւն մը, որ զիս կլանեց իր արտակարգօրէն ակնախտիղ բովանդակութեամբ, քանի որ ներկայացուածը խտացեալ մանրանկարն է (կամ խճանկարը) 60ական թուականներու Սփիւռքին՝ իր հակասութիւններով ու ծուռ մտայնութեամբ, իր եկեղեցական պառակտումներով ու կուսակցական այլամերժութեամբ…:
Երգիծանկարը տպուած է «Նայիրի»ի 10ամեակին ձօնուած 32 էջանի բացառիկ թիւի մը մէջ (Ժ. տարի, թիւ 47-50, 10 Ապրիլ 1963):
Երկարօրէն դիտեցի այս ծաղրանկարը ու զննեցի անոր մէն մի մանրամասնութիւնը: Հիասքանչ ստեղծագործութիւն մըն է այս, իր տեսակին մէջ՝ գլուխ գործոց մը: Տաղանդաւո՜ր Մասիս:
Անկարելի է կանգնիլ ազգային-քաղաքական նուրբ դիտարկումներով լեցուն արուեստի նման գործի մը դիմաց ու… պաղարիւնութեամբ դարձնել թերթին էջը: Ո՛չ: Այսպիսի գործեր կը ստիպեն մեզ կա՛նգ առնել պահ մը, թափանցե՛լ ներկայացուածին էութեան, պեղումներ կամ վերծանումներ կատարել այնտեղ…:
Բայց նախ՝ քանի մը կենսագրական նօթեր երգիծանկարիչ Մասիսին մասին:
* * *
«Նայիրի»ն բախտաւոր եղաւ իր աշխատակիցներու պատկառելի փաղանգին մէջ ունենալու նաեւ տաղանդաւոր երգիծանկարիչ մը, որ Հալէպի ծնունդ Մասիսն էր, Արարատեա՛նը:
Այդ շրջանին, Սփիւռքը աղքատացած չէր այսօրուան պէս: Երգիծանկարչութեան դժուար մարզն իսկ ունէր իր վարպետ գրիչները այլազան գաղութներու մէջ: Կար Սարուխանը (1898-1977)՝ ի Գահիրէ, Հովիւը (1929-2005)՝ Ֆրանսա, Չիկ Տամատեանը (1919-1985)՝ Ռումանիա, Տիրան Աճէմեանը (1902-1991) ու Մասիսը՝ Պէյրութ: Ասոնք գոյն ու հմայք կը շահեցնէին իրենց աշխատակցած թերթերուն (հայ թէ օտար) ու ժամանակակից պատմութիւնը, դէմքերն ու դէպքերը կը քանդակէին «պատկեր»ներով:
Մասիս Արարատեան (1929-2023), Հալէպի Զաւարեան վարժարանի երբեմնի սան, գծել սկսաւ պատանի տարիքէն՝ թուղթին դրոշմելով իր դասընկերներուն, ուսուցիչներուն, ազգականներուն ծաղրանկարները: 25 տարեկան էր՝ երբ Հալէպի արաբական «Սէնէպէլ» երգիծաթերթը զինք պաշտօնի կոչեց իր մօտ: 50ականներու կէսերուն Մասիսը անցաւ Պէյրութ ու տարիներու երկայնքին բազմաթիւ ծաղրանկարներ փռեց «Նայիրի»ի էջերուն եւս: Խայթոցն ու կսմիթը պարուրեց զուարթախոհութեան շղարշին տակ: Կը սիրէր մա՛նաւանդ ներկայացնել ազգային-գրական դէմքեր՝ զիրենք յատկանշող ցցուն կեցուածքներով կամ յատկանշական դիրքերով: Շրջան մը գործակցեցաւ «Ազդակ»ի հետ ալ ու լիբանանեան պատերազմի բռնկումէն ետք երբ Ամերիկա անցաւ՝ ի միջի այլոց սկսաւ աշխատակցիլ Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթին: Բայց չեմ գիտեր ինչո՛ւ՝ ես միշտ այն տպաւորութիւնը պահեցի, թէ «Նայիրի»ի համար գծուած Մասիսի ծաղրանկարները աւելի սրաբիբ նայուածքի արդիւնք էին, աւելի՛ դիպուկ, աւելի՛ խորիմաստ ու կատարելատիպ: Բարեբախտաբար, երգիծանկարիչը իր գործերուն մեծ մասը հաւաքեց առանձին ալպոմներու մէջ ու հրատարակեց՝ «Ժպիտը Լոյս Է» (զոյգ հատոր) եւ «Ազգային Դէմքեր» վերնագրերուն տակ: Այդպիսով ալ փրկուած եղան թէ՛ իր անունը, թէ՛ իր եզակի արուեստն ու ոճը, թէ՛ ալ մեր ազգային կեանքի այն իրադարձութիւնները, զորս կը ջանար «կարդալ» ու մեկնաբանել ածխամատիտի այնքա՜ն վարպետ շարժումներով եւ ժպիտ բաշխող ինքնատիպ գիծերով…:
Մասիսը ապրեցաւ մինչեւ խոր ծերութիւն ու մոմի մը պէս շիջեցաւ 92 տարեկանին: Իրմէ առաջ, 2015ին, շիջած էր նաեւ իր եղբայրը՝ առակներու նշանաւոր ասմունքող Խաչիկ Արարատեանը:
* * *
Ու հիմա կեդրոնանանք Մասիսի ստորագրութիւնը կրող եւ «Նայիրի»ի 10ամեակին ձօնուած երգիծանկարին վրայ, որուն միտք բանին հետեւեալն է.Սփիւռքը, իր բաղադրիչ մասերով, ինչպէ՞ս կը դիտէ «Նայիրի»ն ու ինչպիսի՞ զգացումներ կը տածէ անոր խմբագրին նկատմամբ: Ակնարկուած տասնամեակը կ՛երկարի 1952-1962:
Զննենք ծաղրանկարը:

Հոն կը տեսնենք 9 պատկերասփիւռային սարքեր ու անոնց դիմաց՝ 18 անձնաւորութիւններ, որոնցմէ չորսը անդէմ (խորհրդանշական) վեղարաւորներ են, իսկ երեքը՝ նկարուած են իրենց կռնակէն: Ուրեմն, միայն 11 դէմք պատկերագծուած է յստակօրէն: Ծաղրանկարը ո՛չ մէկ անուն կը յիշատակէ: Այդ օրերուն, 60 տարի առաջ, գաղթահայ կեանքի ելեւէջներուն մօտէն հետեւողները հաւանաբար առանց դժուարութեան պիտի ճանչնային այս երգիծանկարին հերոսները, մինչդեռ այսօր՝ ատիկա կը կարօտի մեծ ճիգի ու վերծանումի…: Փորձե՛նք:
Ծառուկեան բեմին վրայ է եւ լուսարձակներ բացուած են իր գլխուն վերեւ: «Քանալ Նայիրի» անունով պատկերասփիւռային կայան մը օրուան հերոսին դէմքն ու հասակը կը հասցնէ մինչեւ աշխարհի հեռաւոր գաղութները ու Հայաստան: Հայ դասական կուսակցութիւնները, Հայց. եկեղեցին, յարանուանական ու գաղութային պատասխանատուներ, իւրաքանչիւրը իր լուսաւոր պաստառին առջեւ կանգնած, ականջ կու տայ Ծառուկեանին, բայց զայն կը տեսնեն իրարմէ բոլորովին տարբեր կերպարանքներու մէջ…: Բեմին վրայի Ծառուկեանը տարբե՜ր է պատկերասփիւռներէն ցոլացող Ծառուկեանէն…:
Ծառուկեան, անսափր երեսով, կը կարդայ իր «Ուխտ Արարատին» քերթուածը («Պիտի հասնինք, սրբազա՛ն լեռ, կատարիդ»): Պատին վրայ կան ծանուցումները իր երկու գործերուն՝ «Թուղթ Առ Երեւան» եւ «Հին Երազներ, Նոր Ճամբաներ»: Այս վերջին արձակ հատորը 1958ին Հայաստան կատարած իր առաջին այցելութեան տպաւորութիւնները կը մէկտեղէ: Բեմին վրայ, պատին տակ, կուտակուած են «Ազդակ»ի, «Արեւելք» օրաթերթի (Հալէպ) եւ «Նայիրի»ի տրցակներ, որոնք իր մամլոյ վաստակը կը խորհրդանշեն:
Կը տեսնուի, որ ամէնէն առջեւը, իրենց պատկերասփիւռներուն դիմաց նստած են Էջմիածնայ ու Անթիլիասի գահակալները կամ միաբանութեանց ներկայացուցիչները, որոնց դէմքը չ՛երեւիր: Անկասկած՝ վեղարաւորներէն մին կը մարմնաւորէ Ամենայն հայոց Վազգէն Ա. հայրապետը (գահակալած՝ 1955-1994), իսկ միւսը՝ Տանն Կիլիկիոյ Զարեհ Ա. կաթողիկոսը (գահակալած՝ 1956-1963): Առաջինին համար՝ Ծառուկեան կը պատկերանայ հրեշտակի կերպարանքով, ժպտադէմ, գլխուն՝ լուսապսակ: Չմոռնա՛լ, որ Ծառուկեանի Հայաստան առաջին պատմական այցելութիւնը իրականացած էր Վազգէն Ա.ի հրաւէրով ու այնուհետեւ, մինչեւ վերջ, «Նայիրի»ն մի՛շտ ակնածանք ու բացառիկ յարգանք պիտի ցուցաբերէր Մայր աթոռին ու անոր գահակալին նկատմամբ, թերթին մէջ տեղ տալով նաեւ վեհափառին «Հոգեբանութեան Դասեր» ծաւալուն ուսումնասիրութեան (1962): Երկրորդին համար՝ Ծառուկեան այլեւս համակրելի չէ. խոժոռադէմ ու առհասարակ վանողական է, ինչպէս կը տեսնուի պաստառին մէջ: Դեռ աւելի՛ն՝ իր դէմքը առնուած է սեւ շրջանակի մէջ (հակառակ այն իրողութեան որ՝ Ծառուկեան երկար տարիներ մտերմութիւնը վայելած է Զարեհ կաթողիկոսին, անոր Հալէպի առաջնորդութեան օրերէն սկսեալ…):
Հայ Կաթողիկէ յարանուանութիւնն ալ ջերմութիւն չի ցուցաբերեր Ծառուկեանի նկատմամբ: Կաթողիկէներուն կարծիքով՝ Ծառուկեան ինկած է… սատանային թակարդը: Սատանան բռնած է անոր պարանոցէն ու ստրկացուցած է զայն: Այնպէս կը թուի, թէ այս պատկերը, այնուամենայնիւ, գոհունակութիւն կը պատճառէ թէ՛ կաթողիկէ կղերին, թէ՛ կաթողիկէ աշխարհական դասին: Նկարին մէջ մարմնաւորուած ըլլալ կը թուի կարտինալ Աղաճանեանը (կամ ալ Կոգեան Սահակ գերապայծառը) ու հայ կաթողիկէներու պաշտօնաթերթ «Մասիս»ի խմբագիր Հրաչ Քաջարենցը (1912-1990): Երրորդ անձին ինքնութիւնը չենք յաջողած վերծանել:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը հեռուէն կը հետեւի Ծառուկեանին, անոր անձին մէջ տեսնելով համայնավարութեան կամ սովետական աշխարհի քարոզիչ մը…: Դաշնակցութեան երկու ներկայացուցիչները՝ Կարօ Սասունի (1889-1977, ծխամորճը՝ բերնին) եւ տոքթ. Երուանդ Խաթանասեան (1893-1980, եգիպտաբնակ կուսակցական կարկառուն դէմք), դեռ չեն կրցած «մարսել» Ծառուկեանի դիրքափոխումը: Հարցումը կը չարչարէ զիրենք: Ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ, որ «Դաշնակ շներ» քերթուածը մրոտող Գէորգ Աբովին շռնդալից պատասխան մը տուող ու ՀՅԴի ծոցին մէջ մեծցած այս բանաստեղծ տղան յանկարծ գոյն փոխէ, դուրս գայ կուսակցութեան շարքերէն, Հայաստան այցելէ ու գովաբանէ սովետ աշխարհը…: Հապա ո՞ւր մնացին «Թուղթ առ Երեւան»ի այն տողերը, որոնք բազմութիւնները ոտքի հաներ էին ամէնուր («Եւ վեց դարերի խաւարի վրայ դրօ՜շ եռագոյն…»):
Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը զգուշաւոր վերապահութիւն մը ունի Ծառուկեանի նկատմամբ: Ռամկավարները չեն հաւատար, թէ Ծառուկեան անկեղծ բարեկամ մըն է իրենց: Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան (1916-1997), որ կը ներկայացնէ ՌԱԿի վերին մարմինը, պաստառին մէջ կը տեսնէ Ծառուկեան մը, որ մէկ ձեռքով ծաղկեփունջ մը կը հրամցնէ իրեն, մինչ միւս ձեռքին մէջ պահած է երկաթեայ հաստկեկ մուրճ մը…: Ծառուկեան յաճա՛խ գործածած է այդ մուրճը ու ցաւցուցած իր ռամկավար «բարեկամ»ները…:
Սեդրակեանի կողքին նստած է գլխարկաւոր տարեց անձ մը: Ան կը ներկայացնէ Հնչակեան կուսակցութիւնը ու ամենայն հաւանականութեամբ Արսէն Կիտուրն է (1883-1976), որ այդ թուականներուն դեռ նոր հրատարակեր էր ՍԴՀԿի պատմութեան նուիրուած իր հաստափոր զոյգ հատորները: Ուշագրաւ է որ ծաղրանկարիչը պատկերասփիւռի առանձին պաստառ մը չէ յատկացուցած հնչակեաններուն: Ասիկա դիտումնաւո՛ր անտեսում մըն է, որ մեկնաբանութեան չի կարօտիր: Արսէն Կիտուր, առ ի չգոյէ սեփական պատկերասփիւռի մը, Ծառուկեանի ելոյթին կը հետեւի ՌԱԿի պաստառէն, բայց չի մոռնար պատկերասփիւռ սարքին վրայ զետեղել իր կուսակցութեան խորհրդանիշ ԶԱՆԳԱԿԸ…:
Այս խճանկարին մէջ Հայաստա՛նն ալ ունի իր կարծիքը, յանձին «կոմունիստ» թթու գրականագէտի մը, որ կը կոչուի Հրաչեայ Գրիգորեան (1907-1969): Ան ի սկզբանէ հակադրուած էր «Նայիրի»ին, դեռ 1950ին գրելով, որ Ծառուկեան ուրիշ բան չէ՝ եթէ ոչ «դաշնակ շէֆ-աւազակ» մը…: Ծառուկեանի գաղափարական հետագայ շրջադարձը, Հայաստան այցելութիւնը, «խաղաղութեան աղաւնի»ի դերը եւ այլն, եւ այլն՝ դոյզն չափով պիտի չփոխէին Հր. Գրիգորեանի կարծր տեսակէտները:
Իսկ ի՞նչ կը մտածեն, ի՞նչ վերաբերմունք կը ցուցաբերեն հայահոծ գաղութները:
Այստեղ կը տեսնուին երեք գաղութներ՝ Ամերիկա, Եգիպտոս եւ Հալէպ:

ԱՄԵՐԻԿԱյի պաստառին մէջ Ծառուկեանը կ՛երեւի հրոսակի մը, աւազակաբարոյ «կանկըսթըր»ի մը կերպարանքով…: Այս ժխտական արժեւորումը ամերիկահայոց ընդհանուր կարծիքը չէ անշուշտ, այլ կը վերաբերի լոկ Պոսթընի «Հայրենիք» օրաթերթի շրջանակին (դաշնակցականներ): Պաստառին առջեւ կը տեսնուին երկու անձեր. մին, ամենայն հաւանականութեամբ, խմբագիր Մինաս Թէօլէօլեանն է (1913-1997, բաճկոնին գրպանը՝ «Հայրենիք»ի թիւ մը), իսկ միւսը (գետին նստած ու կռնակէն նկարուած) անվերծանելի մնաց մեզի համար:
ԵԳԻՊՏՈՍը ներկայացուած է երկու հանրածանօթ դէմքերով՝ ծաղրանկարիչ Ալ. Սարուխանով (գրիչը՝ ականջին) եւ «Արեւ»ի երիտասարդ խմբագիր Երուանդ Ազատեանով (1935-2023): Բայց անոնց պատկերասփիւռը… խանգարուած է: Նկար չկայ: Եւ ուստի՝ No comment…
Ու վերջապէս՝ ՀԱԼԷՊը, Ծառուկեանի «երազային Հալէպը»…: Հոս, երկու անձեր կանգնած են պատկերասփիւռին դիմաց, ուրկէ ցոլացող պատկերը, ի տարբերութիւն միւս բոլո՜ր պատկերներուն, յար եւ նման է ճակատի բեմին հարազատ պատկերին: Եւ արդէն, ծաղրանկարիչ Մասիսը իր այս երգիծանկարին ներքեւ գրած է. «Ամէն ոք կը տեսնէ ի՛ր ուզածը, միայն Հալէպն է որ կը հաւատայ տեսածին…»: Հալէպը ներկայացնողներէն մին (երէցը), մեր կարծիքով, բժ. Յարութիւն Տէր Ղազարեանն է (1880-1975), «Հայկական Կիլիկիա» հատորին հեղինակը, որ համակիր-հետեւորդ էր «Նայիրի»ին ու երբեմն ալ աշխատակցած է անոր: Միւս անձին ինքնութիւնը չենք յաջողած ստուգել:
* * *
Կը մնայ հարց տալ՝ վաթսուն տարուան հեռաւորութենէն.«Այս հայերը, ազգին ղեկը իրենց ափին մէջ առած այս յարգելի անձնաւորութիւնները, ինչո՞ւ թշնամացեր էին իրարու»: Ասոնք, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ, թուրքին եաթաղանէն ճողոպրած բեկորներ չէի՞ն: Նո՛յն արհաւիրքին ու նո՛յն ճակատագրին ենթակայ չէի՞ն դարձած: Մեծահասակները «մրրկաւ զատուած», իսկ կրտսերները «մանկութիւն չունեցող մարդիկ» չէի՞ն: Ի՞նչն էր, որ Կիւրինէն, Պարտիզակէն, Թամզարայէն, Սասունէն, Արտանուշէն, Մարաշէն, Եօզկաթէն, Ախալցխայէն կամ Պայազիտէն սփիւռք ինկած այս արիւնակիցները իրարու դէմ կը հանէր…:
Հալէպ
sharoyanlevon@gmail.com
«ՊԱՅՔԱՐ»