ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Ինչպէ՞ս բաժնուիլ այս մտերիմէն՝ անցած տարիէն: Իր հոգին աւանդող հարազատի մահուան սնարին քով կանգնած անձը անկարելի կը համարէ հրաժեշտ տալ անոր, լացը համարելով ընդհանրական, բոլորին կողմէ ընդունուած միջոց, հանրութեան դիմաց զինք արդարացնող, եւ ներքնապէս՝ մխիթարող:
Դեկտեմբերի 31ն է, եւ ստիպողաբար պիտի բաժնուինք մեր ժամանակաւորապէս սիրած «անձ»էն, մեր ամենօրեայ «ընկեր»էն, մեր ամենամտերիմ «հարազատ»էն, որ 365 օրերու ընթացքին մնայուն ներկայութիւն էր մեր քով, օրական 24 ժամ, հարազատի մտերմութեամբ, կա՛մ պատէն կախուած վիճակով, կա՛մ սեղանին վրայ դրուած, եւ կա՛մ ժամացուցային պաստառի վրայ՝ արդիական ցոլարձակումով:
Օրացոյցը, որ տարուան «անցագիր»ն է, ի պահ պիտի դրուի պատմութեան արխիւի դարաններուն մէջ, մահացողի անձնաթուղթին նման վերցուելով աշխատանքային առօրեայէն:
Տարուան ամենօրեայ «ճամբորդութիւն»ներուդ ընթացքին, մեծ խնամքով դարձուցած ես օրացոյցիդ իւրաքանչիւր էջը, մտերմացեր զիրար յաջորդող թուականներուն հետ, կարդացեր ես էջին վարը տպագրուած իմաստուն խօսք մը, ծանօթացեր ես գեղեցիկ տառատեսակներու, բայց հիմա… աղբամանին կողմը կը շպրտես զայն, սենեակիդ մէջ տարեսկիզբի մաքրութիւն ընելով, եւ յարդարելով գրասեղանդ:
Դժբախտաբա՞ր, թէ՞ բարեբախտաբար՝ չենք գիտեր, որ տարեվերջի եւ տարեսկիզբի վերոյիշեալ արարքը, մեր ազգին, հայրենիքին եւ անոր մօտակայքը տեղ գրաւած վատ բնաւորութեամբ ազգերուն եւ մարդոց մեզմէ հեռանալը անկարելիութիւն կը համարուի. այսինքն՝ դժուարութիւն ունինք զանոնք շպրտելու մեր շրջապատէն: Վա՞խը, քաղաքականութի՞ւնը, ապագայի յոյսե՞րը, թէ՞ քրիստոնէական ներողամտութեան ոգիին հետ առնչուած այլ խնդիրներ, չենք գիտեր, մեզի թոյլ չեն տար արագ շարժիլ եւ այս գծով շուտափոյթ որոշումներ կայացնել:
Հոգեպէս տնանկ, նիւթապէս սնանկ, մտաւոր կազմաւորումով անկար, բանիմացի շրջազգեստը իրենց ուսերուն նետած, Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ ազգը կառավարելու հանգամանքը բարձր պատուի վերածած անձնաւորութիւններ, ներկայ ժամանակներուն ինքնախաբէութենէն բացի, համայնական կեանքը կը խաբեն, ու անոր ներկայի եւ ապագայի հիմնասիւներուն կը հարուածեն:
Օրացոյցին վերջին էջը եւս փրցուեցաւ, զայն հասցնելով խաւաքարտին… բայց տարին չաւարտեցաւ…, որովհետեւ կեանքը իր շարունակութիւնը մէկ անգամ եւս հաստատեց, տան յարկին տակ ուշադրութեան առարկայ դարձնելով թիւ 1 թուանշանը: Այո՛, թուանշանը ինքզինք կը վերանորոգէ, սակայն անոր բոլոր նայողները թիւը չեն տեսներ սոսկ, այլ կեանքի շարունակականութեան նոր խայծով կը տոգորուին: Մեզմէ իւրաքանչիւրին աստուածատուր շունչը, մարդկային կեանքի ունեցած շնորհքը մեր թոքերուն մէջ կը վերանորոգուի, եւ նոր յոյսով կը նայինք ապագային:
Տարուան ամբողջ ժամանակահատուածը եթէ սկիզբէն հաշուենք, 1էն մինչեւ 365րդ օրը, հաւանաբար տեղի ունեցող տխուր դէպքերուն սպասումները, մեզի համար վախազդու կրնան ըլլալ: Սակայն, կեանքի բնականոն ընթացքին հետ հաշտուելու իմաստութիւնը առիթ է, որ օրերուն սահանքը ընդունելի համարենք, առօրեայ դէպքերուն քաջաբար պատրաստ ըլլալով:
Մարդիկ իրարմէ կը տարբերին զԱստուած ընդունելու, եւ Անոր ամենազօր կարողութեան հաւատալու տարբեր չափի բարձրութիւն ունեցող սանդխամատներու հաւատքով: Ո՞վ կրնայ չափել Աստուծոյ զօրութիւնը, եթէ ոչ խորապէս Անոր զօրութեան հաւատացող մարդը: Միայն անհաւատները չեն, որ անտարբերութեամբ կամ կասկածով կը մօտենան Աստուծոյ ուժին. այլեւ՝ իրենց կեանքի ընթացքին յաջողութեան հասնելու վառ ակնկալիքի մէջ գտնուող անձինք: Ասոնք տեսնելով Աստուծմէ սպասուած լուծումներուն «ուշացում»ը, հաւատքի թուլութեան բացայայտ կեցուածքներու նշաններ ցոյց կու տան հանրութեան մէջ: Անոնք միաժամանակ յուսահատութեան դիմակ կը հագնին, իրենց կասկածանքի դէմքերը ծածկելով, որպէսզի մարդկութեան ամենամեծ հարստութիւնը՝ յոյսը հեռացնեն ընդհանուր միջավայրէն:
Աստուծոյ վերոյիշեալ «ուշացում»ը, յաճախ մեր մէջ մահացած կարգ մը կարեւոր զգացումներու վերակենդանացման առիթ կ՛ընծայէ: Անիկա գիտէ այն թոյլ կէտերը, որոնց սրբագրման անհրաժեշտութեան առջեւ կը կանգնինք յաճախ: Ուստի, հաւատքի թուլացումը, եւ կամ մեր կեանքին մէջ յուսահատութեան երեւոյթին յայտնութիւնը, թերի երեսներ են, մեր ինքնութեան տկարութիւնը բացայայտող:
Չկա՞ն մեզի օգնողներ այս կեանքին մէջ: Անհամար են Աստուծոյ հովանաւորութեամբ գործող եւ Անոր օժանդակութեամբ կարիքաւորներուն հասնողները, որոնք ամէն վայրկեան իսկ պատրաստ են իրենց ներդրումը կատարել նեղութեան մէջ յայտնուած մարդոց: Անոնցմէ շատեր լռութեան շուրջառով կը ծածկեն իրենց գլուխը եւ երբեք իրենց անունը չեն ուզեր հրապարակել հանրութեան օրատետրին մէջ, կատարուած բարիքին աստուածահաճոյ վարկը, իր արժէքէն չպակսեցնելու համար: Անոնք սովորական օժանդակութիւն կը համարեն ուրիշներուն նիւթական ողորմութիւն տալը, որ ըստ իրենց, աւելի նուազ արժէք ունի, քան այն հոգածու սէրը, որով կրնան դարձեալ կեանքի հրաւիրել յուսահատած մարդոց սիրտը: Ուրիշին նոր կեանք պարգեւելու այս շնորհքը երկնատուր է, յատկապէս այն անձերուն, որոնք տնանկի ու սնանկի կարգավիճակի մէջ գտնուող մարդիկը փրկելու ձեւերը լաւ գիտեն:
Տարեվերջի ու տարեսկիզբի օղակաւորման պահը շատերուն համար աղօթքի, մոմավառութեան, ինչպէս նաեւ նուէրներու մատուցումով բարեմաղթանքներ փոխանակելու պահ է ընդհանրապէս: Վերոյիշեալներէն շա՜տ աւելի արժէքաւոր է նաեւ, հոգածութեամբ հասնիլը տագնապի մէջ յայտնուած մարդոց, վերականգնելու համար անոնց կոտրած սիրտը, փլած հոգին, լուսաւորելու համար տանջանքի հորին մէջ մթագնած միտքը, եւ այն բոլոր իրավիճակները, որոնք հոգեպէս վիրաւոր մարդիկը յուսահատութեան առաջնորդած են: Նման կացութիւններու մէջ եղած մարդոց հանդիպած ենք, որոնք «յանցաւոր» համարած են զԱստուած, որ յուսահատական օրերու մէջ ձգած է զիրենք: Ասիկա արդէն ապերախտութիւն է Արարչին նկատմամբ, եւ նման անձեր արժանի չեն ուրիշներուն կողմէ ընծայաբերուած օժանդակութեան: Ընդհակառակը, անոնք ո՛չ միայն պիտի աղօթեն իրենց ամենադժուարին պահուն մէջ օժանդակութիւն ստանալնուն համար, այլեւ զայն մատուցողներուն համար: Աստուծոյ անուան շուրջ մեղադրանք հիւսելը, տգիտութեան արդիւնք, եւ աններելի մեղքերէն մէկն է:
Պատմութեան տարբեր դարաշրջաններէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը, աշխարհի մէջ տիրող պատերազմական վիճակներուն պատասխանատուն Աստուա՞ծ է միթէ…: Նման յանցագործութիւն Աստուծոյ ուսին դնելը եւս աններելի մեղք կը համարուի, որովհետեւ սիրոյ Աղբիւր եղողը պատերազմի յանցապարտ հռչակելը, մեծ պատիժի ենթարկուելու յանցանք է: Պատերազմի կարգին է նաեւ ինքնասպանութեան երեւոյթը, որ հոգեպէս անկեալ, ու մտապէս խանգարուած մարդոց իրականացուցած մեղքն է: Աստուած ի՞նչ սխալ գործած է, որ մարդ էակին թիւրիմացութեան պատճառով «յանցաւոր» համարուի: Ինչքա՜ն «մեղայ» պէտք է ըսել, նման մեղքի մասին մտածելու համար անգամ:
Տարուան օրերը արագավազ զիրար կը յաջորդեն: Մարդկային ուղեղին մէջ վերիվայր եղող մտքերը, հաւաքական կեանքին մէջ տապալող բարեկրօն անձերը, ինչպէս նաեւ աշխարհի անապահով դրութիւնը, օրէ օր կեանքի մրցադաշտին վրայ նոր իրավիճակներու հարթակներ կը փռէ, նոյնիսկ բարիներուն դիմաց պայքարի նոր դռներ բանալով:
Երկնատուր պատգամը այն է, որ Բարին միշտ պիտի յաղթէ: Իւրաքանչիւր տարի պիտի մեռնի, սակայն գերեզմանաքար ալ պիտի չունենայ, որովհետեւ պատմութեան անյատակ ովկիանոսին մէջ պիտի խեղդուի:
Այո՛, 2024 տարին մեռա՜ւ, բայց մենք մեր իրագործումներո՛վ վերապրեցանք եւ պիտի շարունակենք ապրիլ, ու ստեղծագործել նոր՝ 2025 տարուան մէջ: