«Ամերիկայի Ձայն»ի հայկական ծառայութեան հարցումին պատասխանելով՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն ըսին, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է Երեւանի ու Պաքուի հետ աշխատելու որեւէ ձեւաչափով, որ կրնայ կողմերուն համար յառաջընթաց ապահովել:
«Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ջանքերուն` հասնելու կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագիրի մը, որ էական նշանակութիւն ունի ապահով եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի համար», յայտնեցին նախարարութենէն։
Ուաշինկթըն բազմաթիւ անգամներ յայտարարած է, որ կը փափաքի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը տեսնել եւ կողմերը կը մղէ այդ համաձայնագիրի ստորագրութեան: Միացեալ Նահանգները այդ ուղղութեամբ նաեւ կազմակերպեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու քանի մը հանդիպումներ: