
Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Քրեսենթա հովիտի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանի եւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեանի, Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առիթներով այցելեց Հայց. Առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան կեդրոնը եւ ընդունուեցաւ հոգեւոր եղբայրներու կողմէ, գլխաւորութեամբ ատենապետ Աւօ Կաբակչուզեանի:


Միացեալ աղօթական հոգեպարար պահուան աւարտին, առաջնորդը ջերմօրէն զրուցեց եղբայրակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ, գնահատեց հոգեւոր կեդրոնին մէջ տարուած աշխատանքը համայնքի հայութեան կեանքին մէջ, ապա իր հայրական օրհնութիւնները եւ բարի մաղթանքները փոխանցեց ներկաներուն՝ յորդորելով, որ հոգեւոր եղբայրները հայ-քրիստոնէական հաւատքով շարունակեն ըլլալ լոյսը եւ աղը իրենց շրջապատին:
Իր կարգին, Կաբակչուզեան երախտագիտական խօսքերով շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր եւ ընկերակից քահանայ հայրերուն` այցելութեան առիթով եւ անդրադարձաւ եղբայրակցութեան ներկայ աշխատանքներուն ու յառաջիկայ ծրագիրներուն եւ իր խօսքին աւարտին, առաջնորդին մաղթեց քաջառողջ հովուութիւն եւ արեւշատ օրեր:

