Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ եւ միաբան հայրերու, դպրեվանեցիներու ու հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակցութեամբ՝ Չորեքշաբթի, 1 Յունուարի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ նոր տարուան անդրանիկ Ս. եւ անմահ պատարագը. պատարագիչն էր Կիլիկեան ուխտեալ միաբանութեան անդամ Անդրանիկ վրդ. Քիւրիւմեան։
Սուրբ պատարագին աւարտին, Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհաւորական հաւաք մը, որուն ընթացքին Սարգիս վրդ. Աբրահամեան, յանուն միաբանութեան եւ ժողովրդեան՝ ընթերցեց ուղերձ մը։ «Երբ Նոր տարուան խրախճանքներն ու խանդավառութիւնները մեղմացած են, յագեցած ենք շողշողուն մթնոլորտէ եւ կը պատրաստուինք դիմաւորելու Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը, հարկ է լրջօրէն վերատեսութեան ենթարկել անցեալ տարուան մեր ձախորդութիւնները եւ ծանրութեթեւի ենթարկել մեր հաւաքական թէ անհատական կեանքի զիջումները ու նահանջները», իր խօսքին մէջ ըսաւ հայր սուրբը՝ աւելցնելով, որ մեր կեանքին մէջ պէտք է միասնական ոգիով գործել ու միակամ շարժիլ, գիտակից մօտեցումով երեւոյթներուն նայիլ, մեր դիմաց բացուած առիթները լաւագոյնս օգտագործել եւ անցեալի վաստակով չբաւարարուիլ։


Ապա, ներկաներուն իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց Արամ Ա. վեհափառ։ Նախ ան փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Ամենակալին, որ մեզի տարի մը եւս առիթ տուաւ անդրադարձ կատարելու մեր կեանքին եւ քննելու մեր յաջողութիւններն ու ձախորդութիւնները, որպէսզի ըստ այնմ կարենանք ուղղել զանոնք՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի ծառայութիւն մեր ժողովրդեան։ Վեհափառը դիտել տուաւ, որ հայ կեանքին մէջ կան երեւոյթներ, զորս պէտք է վերաքննութեան ենթարկենք, որպէսզի տարուան ընթացքին փորձենք զանոնք սրբագրել՝ մեր ազգին բարգաւաճման ի խնդիր։
Այս առիթով կաթողիկոսը նշեց, որ 2025 տարին հայրապետական հռչակագիրով մը հռչակած է «Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարի»։ Ժողովուրդի մը կեանքին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն աւանդութիւնները, որոնց պահպանումով եւ սերունդէ սերունդ փոխանցումով կ՛ամրապնդուի անոր հաւաքական յիշողութիւնը։ Նոյնն է նաեւ մեր ազգի պարագային։ Ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ որքա՜ն կենսական է մեր աւանդութիւններուն պահպանումը եւ ո՛չ միայն պահպանումը, այլեւ պատմութեան փոշիներուն տակ մնացած եւ կամ մոռացութեան դատապարտուած աւանդութիւնները կեանքի կոչել, կիրարկել զանոնք մեր ներկային մէջ եւ անոնցմով դաստիարակել մեր զաւակները։

Իր խօսքին աւարտին, նոր տարուան առիթով, կաթողիկոսը շնորհաւորեց մեր ժողովուրդի զաւակները՝ մաղթելով եւ աղօթելով, որ 2025 տարին մեր եկեղեցւոյ վերանորոգութեան, մեր հայրենիքի սահմաններուն պահպանման ու ամրապնդման, Սփիւռքին վերակազմակերպման եւ մեր ազգին բարօրութեան առիթ կ՛ըլլայ։