
2024ը սկսանք 2023ի Սեպտեմբերին տեղի ունեցած Արցախի բռնի հայաթափման հետեւանքներուն դէմ դնելով։ Սկզբնական հանգրուանին, օժանդակութիւններ հասան Եւրոպայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն, սակայն անտեսուեցան Արցախի հայութեան ինքնորոշման եւ մարդկային տարրական իրաւունքները, իսկ ցեղային զտումի առաջնորդած ատրպէյճանական վայրագութիւնները մնացին անպատիժ։
Ասոր կողքին, Հայաստանի կառավարութիւնը շարունակեց ինքզինք հեռու պահել Արցախի հիմնահարցէն, հակառակ անոր որ ապաստան տուած էր Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան։ Երեւանի այս կեցուածքը դժուարացուց Արցախի հայութեան իրաւունքները պաշտպանելը եւ անոնց Արցախ վերադարձը ապահովել ջանացող կողմերուն գործունէութիւնը։
Հայաստանի կառավարութիւնը եւ միջազգային համայնքը նաեւ չկրցան ապահովել Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն ազատ արձակումը, հակառակ անոր որ կլիմայի հարցերուն նուիրուած ՄԱԿի այս տարուան միջազգային համաժողովը՝ COP29ը, տեղի ունեցաւ Պաքուի մէջ, ինչ որ լաւ առիթ մըն էր այդ հարցին բարւոք լուծում մը գտնելու։
Նաեւ, Հայաստանի նկատմամբ Ռուսիոյ կեցուածքը Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ անհամաձայնութիւնը աւելիով խորացուց, իսկ շրջանային հարցերը Հայաստանը դրին աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակի մը կիզակէտին վրայ։
Հայաստանի դէմ Պաքուի շարունակուող սպառնալիքները հարցականի տակ դրին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները, իսկ Պաքու շարունակեց անտեսել միջազգային դերակատարներուն, յատկապէս՝ Եւրոպական Միութեան, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու կարծիքները։
Սփիւռքի մէջ, Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութիւնը նոր ցնցումներ ապրեցան Լիբանանի վրայ Իսրայէլի յարձակումներուն եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած անակնկալ իշխանափոխութեան պատճառներով։ Այս վերջինը նոր անորոշութիւններու դէմ դրած է Սուրիոյ հայութիւնը, որ տակաւին քաղաքացիական պատերազմին, երկրաշարժին եւ այլ տագնապներու հետեւանքները կը կրէ։
Աշխարհաքաղաքական այս նոր պայմաններու լոյսին տակ, տարածաշրջանին մէջ Հայաստան կրնայ ըլլալ կարեւոր դերակատար մը, որուն համար կենսական են Հայաստանի զինուած ուժերուն արդիականացումը եւ բարեկարգումը։ Ֆրանսայի, Հնդկաստանի եւ այլոց հետ ռազմաքաղաքական յարաբերութիւններու սերտացումը կենսական դեր կրնայ ունենալ Հայաստանի սահմաններու պաշտպանութեան ջանքին մէջ։ Սակայն, այս իրականութիւնը Պաքուի կողմէ պատրուակի մը վերածուած է, ձախողութեան մատնելու համար խաղաղութիւն կնքելու փորձերը։
Սփիւռքի հայութիւնը, ներառեալ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի հայութիւնը, շարունակեց կրել 2020ի պատերազմէն ի վեր հայութեան կրած պարտութիւններուն հետեւանքները, սակայն շարունակեց բարգաւաճիլ։
Մեր շրջանին մէջ, յատկանշական յառաջդիմութիւններ արձանագրուեցան յատկապէս կրթական մարզին մէջ, երբ շարք մը վարժարաններ նոր կալուածներ գնելով՝ կրցան ընդարձակել իրենց սահմանները, աշակերտներու թիւի աճին հետզհետէ լուծում տալու համար։
Այժմ, կը սպասենք տեսնելու, թէ նախագահ Թրամփի նոր վարչակարգը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ հայութեան վրայ։
Ան մէկ կողմէ խստօրէն կ՛ընդդիմանայ ներգաղթողներուն եւ կը սպառնայ սպասարկութիւնները զգալիօրէն կրճատել, ինչ որ կրնայ բացասական ազդեցութիւն ունենալ վերջերս Միացեալ Նահանգներ հաստատուած հայերուն վրայ, որոնք կը ջանան Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի դառնալ։
Միջազգային ճակատի վրայ, Թրամփի կողմէ շարք մը պաշտօններու թեկնածու նշանակուածներուն մէջ կան Քոնկրեսին մէջ եւ այլ հարթակներուն վրայ հայութեան շահերը պաշտպանած անձնաւորութիւններ։ Հետաքրքրական է տեսնել, թէ անոնք ինչ դերակատարութիւն պիտի ունենան Հայաստանի եւ հայութեան ի նպաստ արտաքին քաղաքականութիւն որդեգրելու աշխատանքին մէջ։
Այս բոլորին ընթացքին, «Ասպարէզ»ը շարունակեց համայնքը իրազեկ պահելու եւ անոր ծառայելու՝ իր առաքելութիւնը, նոյն ժամանակ տօնելով իր հիմնադրութեան 116րդ տարեդարձը, որ անգամ մը եւս եկաւ յիշեցնելու, որ Միացեալ Նահանգներու միակ երկլեզու թերթը հանդիսացող այս հրատարակութիւնը հաւատարիմ կը մնայ իր հիմնադիրներուն սահմանած առաքելութեան։ Թերթին ընթերցողներու թիւը յատկանշական աճ կ՛արձանագրէ նաեւ Հայաստանի մէջ։
Այս բոլորը անկարելի պիտի ըլլային, եթէ չունենայինք մեր համայնքային կազմակերպութիւններուն, հովանաւորներուն եւ, անշուշտ, ընթերցողներուն նեցուկը։ Նաեւ դրուատելի է թերթիս նուիրեալ թղթակիցներուն, յօդուածագիրներուն, խմբագրական կազմին եւ գրասենեակի անձնակազմին տարած աշխատանքը։
Մինչ աշխարհը շարք մը տագնապներ կը դիմագրաւէ, հայութեան դիմաց եւս ծառացած են բարդ դժուարութիւններ, եւ այժմ առաւել եւս յստակ է, թէ հայութեան դիմագրաւած հարցերը որքանով ագուցուած են համաշխարհային իրադարձութիւններուն։ Պէտք է գիտակցիք, որ իւրաքանչիւր հայ իր դերակատարութիւնը ունի կատարելիք իր հայրենիքի բարգաւաճման աշխատանքներուն մէջ եւ մեր պարտաւորութեան ծիրին մէջ այժմ կայ նաեւ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու գործը։
«Ասպարէզ»ի վարչութիւնը, խմբագրական կազմը եւ անձնակազմը կը շնորհաւորեն ձեր Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը։
Թող 2025ը բարգաւաճում բերէ բոլորին, եւ արդարութիւն՝ հայութեան։