Տարիներու աւանդութեան համաձայն՝ Արամ Ա. կաթողիկոսը Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծնունդի տօներու նախօրեակին, հայրական այցելութիւններով իր օրհնութիւնը կը բաշխէ ազգային-ընկերային ծառայութիւն մատուցող հաստատութիւններուն:


«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»
Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբերին, վեհափառը այցելեց «Թռչնոց Բոյն»ի փոքրիկներուն՝ խնդակցելով անոնց տօնական ուրախութեան: Այս առիթով, փոքրիկները ներկայացուցին իրենց սորված Սուրբ Ծննդեան յատուկ երգերը: Ապա, կաողիկոսին նուիրեցին իրենց ձեռային աշխատանքը եւ հայրապետէն ստացան նոր տարուան նուէրներ: Վեհափառը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ մանուկներուն եւ գնահատեց «Թռչնոց Բոյն»ի պատասխանատու հայր սուրբերը՝ Տաճատ Ծ. վրդ. Աշըգեանը եւ Անդրանիկ վրդ. Քիւրիւմեանը, տիկնանց յանձնախումբը, պաշտօնէութիւնը եւ հաստատութեան բարերարները, նուիրատուները ու բարեկամները:


ԱԶՈՒՆԻԷԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆ
Կաթողիկոսին հայրական այցելութիւններու երկրորդ կայանը դարձաւ Ազունիէի ազգային բուժարանը, Հինգշաբթի, 19 Դեկտեմբերին: Հայրապետը բուժարանի մուտքին սիրալիր ընդունելութեամբ դիմաւորուեցաւ հաստատութեան տնօրէն Տաճատ Սրապեանի, խնամակալութեան, բժշկական կազմին եւ պաշտօնէութեան կողմէ: Վեհափառին ընկերակցող միաբան հայրերը շարականներով, հոգեւոր ու ազգային երգերով տօնական խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին բուժարանի մամիկներուն ու պապիկներուն: Անոնք, իրենց կարգին, հայկական բանաստեղծութիւններէ պատառիկներ հրամցուցին ներկաներուն: Այս առիթով հայրապետը կատարեց տնօրհնէքի արարողութիւնը:
Իր հայրական խօսքին մէջ, Արամ Ա. իր հոգեկան գոհունակութիւնը յայտնեց, որ դարձեալ առիթը կ՛ունենայ ըլլալու ազգային բուժարանին մէջ ապաստանող մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ: Ան յիշեցուց, որ այս հաստատութիւնը սովորական բուժարան մը չէ. անիկա ունի եզակի դերակատարութիւն մ Սփիւռքի եւ յատկապէս Լիբանանի կեանքին մէջ: Այս առիթով, ան անգամ մը եւս վստահեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ եղած է եւ պիտի շարունակէ մնալ ազգային բուժարանի կողքին: Աւարտին, հայրապետը տօնական իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց բուժարանի բնակիչներուն, տնօրէնութեան, խնամակալութեան, պաշտօնէութեան եւ բժշկական կազմին:


ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱՆՈՑ
Կաթողիկոսարանի կատարած տօնական այցելութիւններու շարքին էր նաեւ Պուրճ Համուտի Ազգային ծերանոցը: Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբերի առաւօտուն, ընկերակցութեամբ խումբ մը միաբան հայրերու, վեհափառը ուղղուեցաւ ազգային ծերանոցը, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ հաստատութեան տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թէրզեանի, խնամակալութեան, տիկնանց յանձնախումբին եւ ծերանոցի տարեց հայրերուն ու մայրերուն կողմէ:
Պատուելի Թէրզեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ, յանուն Ազգային ծերանոցին, երախտագիտական զգացումներով արտայայտուելով՝ յատկապէս ընդգծեց, թէ անցեալի եւ ներկայի դժուար պայմաններուն մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը նիւթական եւ բարոյական զօրակցութիւնը չէ խնայած ազգի այս տան նկատմամբ:
Այցելութեան ընթացքին, միաբան հայրերը տօնական եւ ազգային երգերով ճոխ մթնոլորտ մը ստեղծեցին՝ մամիկներուն ու պապիկներուն համար, փոխանցելով նոր տարուան եւ Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան ոգին եւ պատգամը:
Աւարտին, վեհափառը իր օրհնութիւնը տուաւ եւ ողջոյնի խօսքը ուղղեց ներկաներուն: Ան ըսաւ, որ Պուրճ Համուտի ազգային ծերանոցը ազգի՛ն տունն է, իսկ հոն ծառայողներուն կողմէ ցուցաբերուած խնամքը ընտանեկան սէր է, որ սովորական խնամքի սահմաններէն վեր է: Այստեղ, մեր տարեցները ոչ միայն առողջական եւ բժշկական խնամք կը ստանան, այլեւ՝ սէր, հոգատարութիւն ու որդիական գուրգուրանք: Այս առիթով, վեհափառը վստահեցուց, որ ինք՝ անձնապէս մնայուն կապի մէջ է տնօրէնին հետ եւ մօտէն կը հետեւի բնակիչներու կարիքներուն: Ան նաեւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց պատուելիին, խնամակալութեան, տիկնանց յանձնախումբին, բժիշկներուն եւ բուժքոյրերուն անշահախնդիր աշխատանքին ու ծառայութեան: Վեհափառը յիշեց եւ ողջունեց Ազգային ծերանոցի առաքելութեան հաւատացող ու նեցուկ կանգնող բոլոր բարերարները, նուիրատուները եւ բարեկամները ու նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան բարեմաղթութիւններով՝ շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին:


«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ԿԵԴՐՈՆ
Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելութիւններուն վերջին հանգրուանը հանդիսացաւ մեր ազգի յատուկ խնամքին կարօտ զաւակներուն հոգատարութեամբ զբաղող «Զուարթնոց» կեդրոնը, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէն Վարդինէ Օհանեան Գէորգեանի եւ խնամակալութեան կողմէ:
Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան ատենապետ Անի Պուճիքանեան, խօսք առնելով՝ յատուկ կերպով անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ընդհանրապէս եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին մասնաւորաբար տածած խնամքին, նեցուկին ու ցուցաբերած յատուկ ուշադրութեան նկատմամբ: Շնորհաւորական եւ շնորհակալական խօսքերէն ետք, «Զուարթնոց»ի աշակերտները գողտրիկ յայտագիր մը ներկայացուցին հայրապետին՝ երգելով Նոր Տարուան յատուկ երգեր:
Կաթողիկոսը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց կեդրոնի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին:
Յայտնենք, որ այցելութեան ներկայ էր նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան: