Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը հաւանութիւն տուաւ քրտամէտ Հաւասարութեան եւ ժողովրդավարութեան ժողովրդական կուսակցութեան դիմումին՝ այցելելու Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հիմնադիր եւ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած Ապտուլլահ Օճալանին։
Կուսակցութեան բանբերը հաստատեց տեղեկութիւնը, յայտնելով, թէ իրենք կը յուսան, որ այցելութիւնը կ՛իրականանայ Շաբաթ կամ Կիրակի:
Օճալան 25 տարիներէ ի վեր բանտարկուած է Պոլսոյ մօտ գտնուող Իմրալը կղզիի բանտին մէջ եւ Անգարա հազուագիւտ առիթներ ընծայած է այսպիսի հանդիպումներու։