Շուէտի խորհրդարանի պատգամաւոր Էրիք Հելսպորն «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին մտահոգիչ նկատեց Ատրպէյճանի կողմէ հնչող այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ին վերաբերող հռետորաբանութիւնը, որովհետեւ այն գաղափարը, թէ Հայաստան կամ վերջինիս տարածքի մասեր «Արեւմտեան Ատրպէյճան» են, ապագային կրնան օգտագործուիլ իբրեւ պատերազմի յաւակնութիւն: Ըստ անոր՝ այս պատճառաբանութեամբ Պաքու կը փորձէ արդարացնել Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքին նկատմամբ ոտնձգութիւնները։
Հելսպորն նաեւ անդրադարձաւ տարբեր գործընկերներէ զէնք ձեռք բերելու համար Հայաստանին ուղղուած Ատրպէյճանի մեղադրանքներուն՝ նշելով, որ պետութեան սեփական պաշտպանական կարողութիւններու զարգացումը ինքնին յարձակողական արարք չի նկատուիր, իսկ ուժեղ պաշտպանութիւն ունենալը նոյնիսկ կրնայ զսպիչ գործօն հանդիսանալ: «Ուժեղ պաշտպանութիւնը զսպող միջոց է, որ կրնայ կանխել պատերազմներու սկիզբը: Ժամանակակից արհեստագիտութեամբ աւելի հզօր հայկական պաշտպանութիւնը` լաւ է խաղաղութեան համար, եւ ոչ թէ հակառակը»:
Հելսպորն, խօսելով նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` խանի մը օրեր առաջ կատարած այն յայտարարութեան մասին, որ եթէ Ատրպէյճան Հայաստանի վրայ յարձակելու մտադրութիւններ չունի, Հարաւային Կովկասի մէջ լարուածութեան հաւանականութիւնը զեռօ է՝ յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ ընթացող բանակցութիւնները յաջող աւարտ կ՛ունենան եւ մնայուն խաղաղութեան կը յանգեցնեն:
Հելսպորն նաեւ անհեթեթ որակեց այն պնդումը, թէ Հայաստան կը պատրաստուի ներխուժել Ատրպէյճան, սակայն «միւս կողմէ, ատրպէյճանական ներխուժումը հայկական տարածքե` այդպէս չէ: «Յուսանք, որ բանակցութիւնները յաջող կ՛ընթանան եւ կը հաստատուի երկարատեւ խաղաղութիւն», նշեց Հելսպորն` ընդգծելով, որ, այսուհանդերձ, նկատի ունենալով Ատրպէյճանի պատմութիւնը` ոչ ոք կրնայ Հայաստանը մեղադրել զգուշաւոր ըլլալու մէջ: