Զոհերու եւ վիրաւորներու պատճառ դարձած բախումներէ մէկ օր ետք, Հինգշաբթի օր, Սուրիոյ ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութիւնը Դամասկոսի, Հոմսի եւ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ ապահովական մեծ ուժեր տեղակայեց:
Բախումները տեղի ունեցան Լաթաքիոյ նահանգի, Թարթուսի գիւղական շրջանին, ինչպէս նաեւ Հոմսի կարգ մը թաղամասերու մէջ, Հալէպի մէջ ալաուիներու պատկանող սրբավայրի մը հրկիզման դէպքին դէմ բողոքի ցոյցերէ ետք: Հոմսի, Ճապլայի եւ Քըրտահայի մէջ ցոյցերու ընթացքին տեղի ունեցան անկարգութիւններ:
Սուրիոյ իշխանութիւնները հաղորդեցին, որ սրբավայրը հրկիզուած է զինուորական գործողութիւններու վարչակազմի ուժերուն Հալէպի վրայ վերահսկողութեան հաստատման օրերուն, եւ հրկիզումը կատարուած է Պաշշար Ասատի հետեւորդներուն կողմէ` սուրիացի ժողովուրդի զաւակներուն միջեւ սադրանք եւ քաոս յառաջացնելու նպատակով:
Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Թարթուսի գիւղական շրջանին մէջ իր անդամներէն 14ը սպաննուած են Ասատի վարչակարգի «մնացորդ»ին կողմէ:
Ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութիւնը բռնարարքները եւ անկարգութիւնները վերահսկողութեան տակ առնելու համար, Հոմսի, Թարթուսի, Լաթաքիոյ եւ Ճապլայի մէջ կրակմարի դրութիւն մը հաստատեց:
«Մեր ուժերը Սուրիոյ տարածքին պիտի հետապնդեն իրենց զէնքը յանձնել մերժողները: Այն, ինչը Սուրիոյ ծովեզերքը տեղի ունեցաւ, մեզ աւելի վճռական կը դարձնէ Ասատի վարչակարգի մնացորդը արմատախիլ ընելու», յայտարարեց Սուրիոյ առժամեայ կառավարութեան մէջ ներքին գործոց նախարարութիւնը:
Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն աղբիւր մը «Ճազիրա» կայանին յայտնեց, որ յաւելեալ ուժեր կը հասնին Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանները` ապահովելու համար շրջանին կայունութիւնը: «Զինուորական յաւելեալ ուժերու տեղակայումը կը ներառէ ծովեզերքի մերձակայքը եւ Թուրքիոյ հետ սահմանային գիծը», նշեց աղբիւրը: