Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը, ինչպէս նաեւ Մինսքի համաժողովի միւս կառոյցները, պէտք է լուծարուին՝ շեշտելով, որ անոր լաւագոյն տարբերակը պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միացեալ առաջարկը:
Ան յիշեցուց, որ Մինսքի խումբի համանախագահները Փետրուար 2022ին դադրեցուցած են կապ հաստատել իրենց ռուս գործընկերներուն հետ:
«Այլ բաներու կողքին, այս հաղորդակցութեան դադրեցումով եւ Հայաստանի կողմէ Ղարաբաղը իբրեւ Ատրպէյճանի անբաժանելի մաս ճանչնալով, Հայաստան-Ատրպէյճան-Եւրոպական Միութիւն-Ֆրանսա վեհաժողովի արդիւնքներով (յիշեցնեմ, որ անիկա տեղի ունեցաւ Փրակի մէջ 6 Հոկտեմբեր 2022ին), իսկ Սեպտեմբեր 2023ին երկրի իրավիճակի արմատական փոփոխութեամբ, ԵԱՀԿի Մինսքի համաժողովի համանախագահներուն լիազօրութիւնը 2023էն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման շրջանակներուն մէջ, կորսնցուցած է իր արդիականութիւնը», ըսաւ Զախարովա, ըստ որուն, այս կը նշանակէ, որ Մինսքի մարմինի բոլոր կառոյցները, ներառեալ ոչ միայն ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը, այլ նաեւ բարձր մակարդակի ծրագրաւորման խումբը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի Հայաստանի գծով անձնական ներկայացուցիչի պաշտօնը պէտք է լուծարուին:
«Մենք կը կարծենք, թէ այդ գծով համապատասխան որոշում տալու ամէնէն բարենպաստ տարբերակը Պաքուի եւ Երեւանի համատեղ առաջարկն է՝ լուծարելու այդ հաստատութիւնները», շեշտեց Զախարովա:
Ան նաեւ աւելցուց, որ Ռուսիա պատրաստ է աջակցելու Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման: «Հայ ժողովուրդը եղբայրական ժողովուրդ է: Ես անկեղծ սիրտով անոնց կը մաղթեմ խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում», ըսաւ Զախարովա: