
Կիրակի, 15 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան հանդիսապետեց Փասատինայի մէջ գործող Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Ազգային մանկամսուրի Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի հանդէսին, որ տեղի ունեցաւ Փասատինայի Ուաշինկթըն պողոտային վրայ գտնուող Հայ կեդրոնի սրահին մէջ:
Առաջնորդ սրբազան հօր կ՛ընկերակցէր շրջանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան․ ներկայ էին մանկամսուրի հիմնադիր բարերար ամոլ Վահէ եւ Նորա Թաւլեաններու թոռը՝ Շանթ Երէմեան, Հոգաբարձութեան անդամներ, շրջանի Ազգային երեսփոխաններ, մանկամսուրի տնօրէնութիւնը եւ անձնակազմը, ինչպէս նաեւ Փասատինայի հայ համայնքի եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ, բարեկամներ եւ հիւրեր, որոնք խանդավառութեամբ հետեւեցան Փասատինայի հայ փոքրիկներուն տօնական հանդէսին, որ շաղախուած էր Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի յատուկ խմբային եւ անհատական ասմունքով, երգ ու պարով եւ ցնծալից բեմականութեամբ:
Այս մթնոլորտին մասին էր, որ արտայայտուեցաւ Գեղամ արքեպիսկոպոսը եւ գնահատեց մանուկները՝ իրենց հաճելի ու անթերի կատարման համար, դրուատեց մանկամսուրի վարիչ տնօրէնուհին՝ դոկտ. Կարին Չուխատարեանի, եւ ուսուցչական կազմին ի գործ դրած ճիգը՝ տօնական յայտագիրի բծախնդիր պատրաստութեան համար:
Հուսկ, առաջնորդը յորդորեց պատասխանատուները, ծնողները եւ ներկաները, որ նոյն հաւատքով ու կամքով շարունակեն իրենց նիւթաբարոյական աջակցութիւնը բերել Թաւլեան մանկամսուրի փոքրիկ աշակերտներուն ազգային դիմագիծի պահպանման եւ արուեստի ու կրթութեան ծրագիրներու բարելաւման՝ դիտել տալով, որ՝ «նոյն այս երեւոյթը մէկն է այն մնայուն արժէքներէն, որ քրիստոնէավայել սկզբունքներու վրայ հիմնուած է եւ որ մեզ հեռու կը պահէ խաբուսիկ ու վաղանցիկ ուրախութեան խաբկանքներէն»։ Ան նաեւ խրախուսեց ներկաները, որ հետամուտ ըլլան իրերայաջորդ մատղաշ սերունդներու կեանքին մէջ հայկական տօներու եւ աւանդութիւններու առողջ պահպանման ու տարածման, ապա իր հայրական աղօթաբոյր օրհնութիւնները բաշխեց սրահը լեցուցած փոքրերուն, չափահասներուն եւ երէցներուն: