Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը շարունակէ կենսական նշանակութիւն ունեցող ոլորտ մը մնալ Ուաշինկթընի եւ անձամբ արտաքին գործոց նախարարին համար, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Վենտեթ Փաթել:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգները հիասթափած չէ՞, որ այդ ուղղութեամբ իր ջանքերը արդիւնք չեն տուած՝ Փաթել ըսաւ, որ իրենք չեն կեդրոնանար հիասթափութիւններու վրայ, այլ պարզապէս կը շարունակեն աշխատիլ:
«Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ըսաւ, որ կան ոլորտներ, որոնք տքնաջան աշխատանք կը պահանջեն մինչեւ արդիւնքի հասնիլը: Մենք կը շարունակենք աշխատիլ մինչեւ մեր պաշտօնավարութեան վերջին օրը», նշեց Փաթել։

Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն գծով Միացեալ Նահանգներու մնայուն աջակցութեան մասին խօսեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուըր։
Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած յատուկ քննարկումին ընթացքին անդրադառնալով Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն եւ գործընկերութեան՝ ան հաստատեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն եւ հաստատուն խաղաղութեան հասնելու ջանքերուն, ինչ որ առանցքային պիտի ըլլայ Հարաւային Կովկասի եւ յարակից տարածաշրջանի երկարաժամկէտ կայունութեան ու բարգաւաճման համար:
Ան աւելցուց, որ Հայաստան այժմ պատմական կարելիութիւն մը ունի իր ժողովուրդին բարգաւաճում բերելու եւ ցոյց տալու, որ բաց, թափանցիկ ու քաղաքացիակեդրոն կառավարումը կրնայ աւելի լաւ ապագայ մը ապահովել:
«Եթէ մենք շարունակենք ներդրումներ կատարել Հայաստանի յաջողութեան մէջ, այդ երկիրը պիտի ոգեշնչէ ամբողջ աշխարհի քաղաքացիները, որոնք կը ձգտին այսպիսի յառաջընթացի մը հասնիլ», ըսաւ Փաուըր՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի հետագիծը եզակի լուսաւոր կէտ է, որ, սակայն, կը մնայ թերագնահատուած:
«Հայաստան վայր մըն է, ուր մարդիկ կը փորձեն իրենց ձայնը բարձրացնել` կառուցելու համար աւելի ներկայացուցչական, թափանցիկ եւ արձագանգող կառավարութիւն մը, զարգացնել տնտեսութիւնը` ձեւաւորելով արդիւնաւէտ առեւտրական յարաբերութիւններ եւ կապեր հաստատելով իրենց դրացիներուն ու աշխարհին հետ», յայտնեց Փաուըր, ըստ որուն, Հայաստան բազմաճիւղ կը դարձնէ իր գործընկերութիւնները, որոնք կարեւոր են ոչ միայն հայ ժողովուրդին, այլ նաեւ բոլոր անոնց համար, որոնք կը հաւատան ժողովրդավարութեան եւ առեւտուրի ուժին` ստեղծելու համար աւելի լաւ ապագայ մը:
«Հայ ժողովուրդը այս գործը կ՛իրականացնէ աշխարհաքաղաքական լարուած դրացնութեան պայմաններուն մէջ, եւ այդ մարտահրաւէրները յաջողութեամբ յաղթահարելու համար, Հայաստան ընկերներուն եւ դաշնակիցներուն աջակցութեան կարիքը ունի, եւ այդ աջակցութեան կոչին արձագանգած է Միացեալ Նահանգները», շեշտեց Փաուըր՝ տեղեկացնելով, որ 2018ի թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը 75 տոկոսով աւելցուցած է Հայաստանի ֆինանսաւորումը: Ան նաեւ մատնանշեց վերջին տարիներուն Հայաստանի տնտեսութեան աճին մէջ արձանագրուած բաւական լուրջ յառաջընթացը:
«2020 թուականէն սկսած` Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ապրանքներու շրջանառութիւնը հասած է 321 միլիոն տոլարի` արձանագրելով մրցանշային ցուցանիշ մը: Գիտենք, թէ որքան ներուժ կայ այստեղ` աւելի մեծ ցուցանիշներ արձանագրելու», ըսաւ Փաուըր:
Ան խօսեցաւ նաեւ Հայաստան կատարած իր այցելութիւններուն մասին` մանրամասնելով, որ ինք հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած հայերու հետ եւ աւելցուց, որ Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը աջակցութիւն կը ցուցաբերէ նաեւ բռնագաղթած հայերուն: