Եմէնի մէջ զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուեցան, երբ իսրայէլեան օդուժը յարձակում մը գործեց մայրաքաղաք Սանաայի մէջ ուժանիւթի ենթակառոյցներու եւ ծովեզերեայ Հտէյտա քաղաքի նաւահանգիստներուն վրայ` հակադարձելով հուսիներուն կողմէ Թել Աւիւի երկու թեւաւոր հրթիռներով հրթիռակոծման: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ իր օդուժին պատկանող 14 օդանաւեր տասնեակ հրթիռներով յարձակում գործեցին Եմէնի մէջ հինգ թիրախներու վրայ:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Տանիէլ Հակարի յայտնեց, որ յարձակումը կատարուեցաւ հուսիներու կողմէ Իսրայէլի դէմ գործողութիւններու աջակցութեան համար օգտագործուած վայրերու վրայ: Ան աւելցուց, որ հուսիները անցնող 14 ամիսներուն ընթացքին Իսրայէլի վրայ հարիւրաւոր յարձակումներ գործեցին, եւ անոնց վերջինը Հինգշաբթիի կանուխ ժամերուն էր: Յարձակումին պատճառով շէնք Թել Աւիւի մէջ մը մեծապէս վնասուեցաւ:
Հուսիները յայտարարեցին, որ ձայնի արագութենէն արագ ընթացող երկու թեւաւոր հրթիռներով հարուածած են բռնագրաւեալ Եաֆայի (Թել Աւիւ) մէջ զինուորական երկու զգայուն դիրքեր: