Աւստրալիոյ խորհրդարանի անդամ Փօլ Ֆլետչըր Ատրպէյճանի դեսպանատան յղեց նամակ մը, որուն մէջ կոչ կ՛ուղղէ՝ անյապաղ ազատ արձակելու Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը:
Ֆլետչըր նաեւ կը պահանջէ ամսական պարբերականութեամբ տեղեկութիւններ տրամադրել Դաւիթ Իշխանեանի հոգեկան եւ ֆիզիքական առողջութեան մասին:
Նամակին մէջ նաեւ կ՛ըսուի հետեւեալը. «2019ին ես եւ իմ քանի մը տասնեակ պաշտօնակիցներս հանդիպում ունեցաննք պարոն Իշխանեանի հետ մեր Դաշնակցային խորհրդարանին մէջ: Այդ պատճառով ալ անոր ձերբակալութեան եւ բանտարկութեան պայմանները յատկապէս մտահոգիչ են ինծի համար։ Աշխարհը կը հետեւի Ատրպէյճանին: Աւստրալիա կը հետեւի Ատրպէյճանին»:
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆլետչըրին՝ անոր նամակին եւ բոլոր հայ պատանդները ազատ արձակելու ջանքեռուն անոր նուիրուածութեան համար: