«Գանձասար»ը կը տեղեկացնէ, թէ Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբերին, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան Դամասկոսի մէջ ներկայ գտնուեցաւ ՄԱԿի Սուրիոյ բանագնաց Կիր Փեթըրսընի հետ գումարուած հանդիպումին, որուն ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ քրիստոնեայ պատրիարքներ, համայնքապետներ, պապական դեսպանը եւ Բերիոյ Հայոց թեմի յարաբերական մարմնի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան։
Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան Սուրիոյ ընդհանուր իրավիճակը, ապագային առնուելիք որոշումները եւ հետագայ աշխատանքները։
Փեթըրսըն զեկուցեց Սուրիոյ ներկայ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ իր հանդիպումներուն մասին եւ յորդորեց համբերատար ըլլալ, որովհետեւ երկրին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները իրենց լրումին հասնելու համար ժամանակի կարիքը ունին։
Քրիստոնեայ համայնքապետները եւ պատրիարքները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին յանուն սուրիական հայրենիքին աշխատելու։
Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Փեթըրսընին՝ իր կատարած պատասխանատու աշխատանքին համար եւ անոր փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոսին ողջոյնները։