ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ՝ ՄԻԱՆԱԼՈՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ
Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդը (խորհրդարանի ստորին պալատ) ընդունեց բանաձեւ մը, որուն միջոցով երկրի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ՝ խաղաղութեան միջազգային համաժողով մը կազմակերպելու` Արցախի հայերուն ապահով եւ հաւաքական վերադարձի հարցը քննարկելու համար:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ բանաձեւը ընդունուեցաւ 96 թեր, 80 դէմ եւ 16 ձեռնպահ ձայներով:
Համաժողովին նպատակը պիտի ըլլայ «դիւրացնել Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ներկայացուցիչներուն միջեւ երկխօսութիւնը հայ բնակչութեան ապահով եւ հաւաքական վերադարձի շուրջ` միջազգային դերակատարներու հսկողութեամբ կամ ներկայութեամբ»:
Բանաձեւի հիմնաւորումին մէջ կ՛ըսուի, որ Սեպտեմբեր 2023ին՝ Ատրպէյճանի վերջին յարձակումէն ի վեր, Լեռնային Ղարաբաղը պարպուած է հայ բնակչութենէն:
«Վախնալով հայերուն դէմ նոր ցեղասպանութենէ մը այնպէս, ինչպէս կատարուեցաւ 1915ին, բնակչութիւնը ստիպուած եղաւ քանի մը օրերու ընթացքին հեռանալու իր հայրենիքէն: Այդ օրերէն ի վեր, տարածաշրջանին մէջ կը կատարուին ցեղային զտումներ. հայկական մշակութային ժառանգութիւնը, ինչպէս՝ եկեղեցիները, վանքերը եւ գերեզմանատուները, հետեւողականօրէն կ՛ոչնչացուին կամ կը խեղաթիւրուին՝ «վերանորոգման» անունին տակ: Հակառակ այս լուրջ իրադարձութիւններուն` Լեռնային Ղարաբաղի հայերը կը պահպանեն միջազգային հանրութեան ապահովութեան երաշխիքներու տակ հայրենիք վերադառնալու, սեփական քաղաքական ապագան որոշելու եւ ժողովրդավարական ինքնակառավարում իրականացնելու ցանկութիւնը: Միջազգային հանրութիւնը բազմաթիւ անգամներ հանդէս եկած է յստակ դիրքորոշումներով: 17 Նոյեմբեր 2023ին, Միջազգային դատարանը վճռեց, որ Ատրպէյճան պարտաւոր է ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան «ապահով, անարգել եւ արագ վերադարձը: Եւրոպական խորհրդարանը 12 Մարտ 2024ին ընդունեց բանաձեւ մը, որուն միջոցով կոչ կ՛ուղղուի Ատրպէյճանին՝ համապարփակ եւ թափանցիկ երկխօսութեան մէջ մտնելու Ղարաբաղի հայերուն հետ: Անոր նպատակը իրաւունքները յարգելը, անոնց ապահովութիւնը երաշխաւորել ը եւ անոնց՝ իրենց տուները վերադառնալու կարելիութիւնը տալն է` միջազգային ներկայութեան պայմաններուն մէջ: ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը, որ աւելի կանուխ պատասխանատու էր միջնորդութեան, խիստ սահմանափակուած է գործելու իր հնարաւորութիւններով ` աշխարհաքաղաքական լարուածութեան պատճառով: Ասիկա կ՛ընդգծէ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար բանակցութիւններու նոր ձեւաչափի մը անհրաժեշտութիւնը», կ՛ըսուի բանաձեւի հիմնաւորումին մէջ:
Անոր մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնուի նաեւ այն, որ Զուիցերիոյ կողմէ կազմակերպուելիք միջազգային խաղաղութեան համաժողովը կրնայ վճռորոշ ներդրում ունենալ հակամարտութեան կարգաւորման մէջ, ապահովել տեղահանուած անձերու վերադարձը եւ այդպիսով նպաստել ամբողջ տարածաշրջանի կայունացման:
«Զուիցերիա եզակի կարելիութիւն մը ունի օգտագործելու չէզոք միջնորդի իր փորձուած դերը` հակամարտութեան կողմերուն՝ կառուցողական երկխօսութիւն մը սկսելու համար: Այդպիսի յանձնառութիւն մը ոչ միայն պիտի շարունակէ այս երկրին մարդասիրական աւանդոյթը, այլ նաեւ պիտի ամրապնդէ զայն՝ իբրեւ միջազգային դիւանագիտութեան յուսալի գործընկեր դիրքերը», նշուած է հիմնաւորման մէջ:
Հոկտեմբեր 2024ին, բանաձեւը քննարկուած եւ ընդունուած էր Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ:
Բանաձեւը պիտի ներկայացուի նաեւ խորհրդարանի վերին պալատին:
ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ՝ ՄԻԱՆԱԼՈՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ
Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունց շնորհակալութիւն յայտնեց Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդին:
Այս առիթով անոր հրապարակած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.
«Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի անունից երախտագիտութիւն եմ յայտնում Շուեյցարիայի Ազգային խորհրդին, բանաձեւի հեղինակ պատգամաւոր Էրիխ Ֆոնտոբելին եւ խորհրդարանի բոլոր քաղաքական ուժերին` Արցախի ժողովրդի իրաւունքներին ցուցաբերած աջակցութեան համար:
«Խորհրդարանի Ստորին պալատի ընդունած բանաձեւը, որով գործադիրին կոչ է արւում Լեռնային Ղարաբաղի հարցով միջազգային խաղաղութեան ֆորում անցկացնել, նշանակալից քայլ է Արցախի բռնի տեղահանուած ժողովրդի իրաւունքների, մասնաւորապէս` անվտանգ ու արժանապատիւ վերադարձն ապահովելու ուղղութեամբ:
«Մենք բարձր ենք գնահատում Շուեյցարիայի հաւատարմութիւնը միջազգային իրաւունքին ու արդարութեանը եւ յոյս յայտնում, որ այս գործընթացն ունենալու է իր տրամաբանական շարունակութիւնը: Շուեյցարիայի Ազգային խորհուրդը, պաշտպանելով Արդարադատութեան միջազգային դատարանի վճռի իրագործումը, ցոյց է տուել, որ յստակ գիտակցում է այս հարցի հրատապութիւնը:
«Կոչ ենք անում միջազգային հանրութեան մնացած անդամներին միանալ Շուեյցարիայի` Արցախի ժողովրդի իրաւունքների պաշտպանութեան հարցը հասցէագրելու համար միջազգային հարթակ ստեղծելու ջանքերին: Մենք հաւատում ենք, որ համադրուած միջազգային ջանքերի շնորհիւ կարող ենք հասնել արդար եւ կայուն խաղաղութեան տարածաշրջանում»: