14 Դեկտեմբերին, Վրաստանի վեցերորդ նախագահը դարձաւ ռուսամէտ իշխանութեան «Վրացական երազանք» կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած նախկին ֆութպոլիստ՝ 53ամեայ Միխայիլ Քաւելաշվիլի։ Նորընտիր նախագահը ծանօթ է իր հակաարեւմտեան դիրքորոշումով։
Պաշտօնէն հեռացող Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները նախագահական եւ Հոկտեմբերին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն օրինականութիւնը չեն ճանչնար։