13 Դեկտեմբերին, Մոսկուայի մէջ ընթացք առաւ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստը՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նախագահութեամբ:
Հայկական կողմէ նիստին կը մասնակցի նաեւ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան:
Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական կողմին ԵԱՏՄի նախագահութեան ընթացքին արդիւնաւէտ գործունէութեան համար, ապա յաջողութիւն մաղթեց Պելոռուսին, որ պիտի ստանձնէ միութեան նախագահութիւնը:

Փաշինեան իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ ԵԱՏՄի երթեւեկի հաղորդակցութեան միջոցներու կազմակերպման զարգացման գործընթացը: Ան կարեւոր նկատեց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ներկայացուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը, որ կ՛ենթադրէ ստեղծել եւ արդիականացնել շարք մը փոխադրութեան ուղիներ:
«Հայաստանի Հանրապետութեան նախաձեռնած այս նախագիծը, ի վերջոյ, բարենպաստ պայմաններ կը ստեղծի բոլոր շահագրգիռ պետութիւնների միջեւ տրանսպորտային (փոխադրութեան), առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնների զարգացման համար` հիմնուած երկրների ինքնիշխանութեան եւ իրաւասութեան, ինչպէս նաեւ իրաւահաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքի վրայ», ըսաւ Փաշինեան, որ դարձեալ հաստատեց Հայաստանի Հանրապետութեան փոխշահաւէտ համագործակցութեան պատրաստակամութիւնը` Եւրասիական տնտեսական միութեան գործունէութեան արդիւնաւէտութեան եւ գործնական արդիւնքներու բարձրացման վերաբերեալ:
Ըստ «Թասս»ի` նիստի օրակարգին վրայ էին համարկման հետագայ խորացման, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան, արդիւնաբերութեան եւ ելեկտրոնային առեւտուրի զարգացման ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան ընդլայնման հարցերը:
Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ այս համաժողովի ծիրին մէջ, Հայաստանի վարչապետին եւ Ռուսիոյ նախագահին միջեւ հանդիպում մը չէ նախատեսուած։
Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանը կը սպասեն 25-26 Դեկտեմբերին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ նախատեսուած ԱՊՀ ոչ-պաշտօնական վեպաժողովին։
Յառաջիկայ շաբաթ՝ 25 Դեկտեմբերին, նախատեսուած է նաեւ ԵԱՏՄի վեհաժողովը` պետութիւններու ղեկավարներու մակարդակով: Այս ժողովը որոշուած է գումարել ոչ թէ կառոյցը նախագահող երկրին մայրաքաղաքին՝ Երեւանի մէջ, այլ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ:
Աւելի կանուխ, Փաշինեան խորհրդարանին մէջ բացատրեց, թէ անձամբ այդ որոշումը տուած է: «ԵԱՏՄ բարձրագոյն տնտեսական խորհրդի ոչ բոլոր անդամներն են ցանկալի Հայաստանի համար», յայտարարեց Փաշինեան՝ առանց բացայայտնելու, թէ ո՛ր անդամը նկատի ունի: