
«ՀԱՅ ՄԱՅՐԸ, ՀԱՅ ՔՈՅՐՆ ՈՒ ՀԱՅ ԿԻՆԸ ԶԱՐԴԱՐԱՆՔՆ ԵՆ ՄԵՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՄԵՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆՑ ՊԱՀԱՊԱՆ ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ». ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Հինգշաբթի, 5 Դեկտեմբերին, նախագահութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին, հիւրընկալութեամբ դոկտ. Սոնա Գազանճեանի, Կլենտէյլի «Անոյշ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի աւանդական ճաշկերոյթ-տօնավաճառը, որուն ներկայ եղան Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան, Ազգային վարչութեան անդամ Ծովիկ Զէյթլեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Քրիստին Խանճեան, Ազգային առաջնորդարանի մարդասիրական ծրագիրներուն քաջալեր հանդիսացող կամաւորներ, բարերարներ եւ հիւրեր, թիւով մօտաւորապէս 200 անձեր:


Կազմակերպիչ մարմինին անունով բացման խօսքը կատարեց փոխատենապետուհի Սօսի Կէօքէօզեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Գեղամ արքեպիսկոպոսին, Տիկնանց օժանդակ մարմինին աւանդական այս ձեռնարկին իր անդրանիկ նախագահութեան համար, ապա երախտագիտական խօսքեր ուղղեց Ազգային վարչութեան, հիւրընկալներուն, հին եւ նոր բարերարներուն եւ բոլոր ներկաներուն՝ նշելով, որ մարմինը այս ձեռնարկին ընդմէջէն նաեւ իր աղօթքները հասանելի կը դարձնէ սրահը լեցուցած շարք մը հայ կիներու, մեծ մայրերու, մայրերու եւ քոյրերու ծննդավայրները հանդիսացող, իսկ ներկայիս ծանրագոյն ճգնաժամ դիմագրաւող Լիբանանի եւ Սուրիոյ հարազատներուն, անոնց մաղթելով յաւելեալ քաջութիւն եւ խոհեմութիւն՝ նուազագոյն ցնցումներով դիմագրաւելու համար իրենց ապրած երկիրներուն մէջ տիրող ծանր իրավիճակը:
Այնուհետեւ, աղօթական մթնոլորտի մէջ ներկաները հետեւեցան Գեղամ արք. Խաչերեանի առաջնորդական պատգամին, որուն միտք բանին կազմեցին հայ կինը եւ իբրեւ մայր ու քոյր անոր բերած բարոյական նպաստը հայ ընտանիքի, շրջապատի եւ ազգի կեանքին մէջ:


Հիմնուելով հայ կնոջ աւանդական կերպարին վրայ՝ Գեղամ արքեպիսկոպոսը հայ կնոջ կերպարը արժեւորեց՝ իբրեւ հայոց կեանքի զարդարանքը՝ անցեալ դարերէն մինչեւ այսօր, ապա իր խօսքը կամրջելով Արամ Ա. կաթողիկոսին՝ 2025 տարեշրջանը «Աւանդութիւններու վերապրեցման տարի» կոչման՝ հայ մայրերու եւ քոյրերու մարդկային բարեմասնութիւններուն կողքին ան նաեւ անդրադարձաւ հայ կնոջ աստուածատուր շնորհներուն՝ պահապան հրեշտակներու պէս հայոց դարաւոր աւանդութիւնները եւ անոնց ոգին միշտ թարմ պահել-պահպանելու գծով, թէ նոր ժամանակներու շունչով մինչեւ մեր ներկայ օրերը զանոնք վերապրեցնելու իր էութենական զօրութեան ու իր կողմէ թափուած ճիգին եւ այս իմաստով առաջնորդը բարձր գնահատեց սրահը լեցուցած հայ կիներուն առինքնող կերպարը ու շնորհաշատ ներկայութիւնը ազգի կեանքին մէջ:
Գնահատանքի ջերմ խօսքեր ուղղելէ ետք, նաեւ օրուան հիւրընկալ դոկտ. Գազանճեանին՝ սրբազան հայրը լաւագոյնս արժեւորեց այն հեւքը եւ ջանքը, զորս Տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամները եւ կամաւոր ձեռքեր գործադրած էին՝ գեղեցկօրէն զարդարելով սրահը, բծախնդրօրէն կազմակերպելով ճաշկերոյթն ու տօնավաճառը, որմէ նաեւ գնումներ կատարեցին պատուարժան հայուհիները, որոնցմէ շատեր նաեւ իրենց լուման զետեղեցին Տիկնանց օժանդակ մարմինի տարեկան հանգանակութեան գանձարկղին մէջ:

Հուսկ, Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի երկրորդական կարգի աշակերտական խումբ մը, արդէն աւանդութեան վերածուած, Ս. Ծննդեան երգերով շրջեցաւ սեղանները, խանդավառեց ներկաները, դիմաւորեց Կաղանդ պապան, ինչպէս նաեւ երգ ու պարով թեւանցուկ պտոյտներ կատարեց հետը՝ երիտասարդական աւիւնով ու տօնական հնչեղութեամբ լեցնելով սրահը եւ սիրտերը, առաջնորդութեամբ վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի Լուսինէ Մելիքսէթեանի:
Յայտնենք նաեւ, որ օրուան գեղարուեստական յայտագիրին հայկական երգերով իր մասնակցութիւնը բերաւ արհեստավարժ մեկնաբան Վահէ Կարապետեան, ընկերակցութեամբ Քրիստին Յովանի: