
Ուրբաթ, 6 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան նախագահեց Ֆրեզնոյի Սուրբ Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ երգչախումբին եւ երիտասարդական կազմին ուժերով պատրաստուած Ս. Ծննդեան թատերական համերգին, որուն ղեկավարութիւնը ստանձնած էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աշոտ վրդ. Խաչատուրեան:
Ձեռնարկին ներկայ եղան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան, Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս եւ Ազգային վարչութեան անդամ Պերճ Աբգարեան, Հայ-Ամերիկեան թանգարանի տնօրէն Պերճ Կարապետեան եւ շրջանէն մեծ թիւով հայորդիներ:
Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, հոգեւոր տան երգչախումբը հայերէնով, անգլերէնով եւ արաբերէնով կատարեց Ս. Ծննդեան շարականներ եւ երգեր, որոնց կշռոյթին տակ երիտասարդական խումբի տղաք ու աղջիկներ կենդանի պատկերներով բեմականացուցին Յիսուս մանուկի ծննդեան դրուագը՝ քրիստոնէական հաւատքի կենսունակութեան մթնոլորտով պարուրելով ներկաները:


Թատերական համերգին աւարտին, հոգեւոր հովիւը նախ շնորհակալական խօսք ուղղեց սրբազան հօր՝ իր ներկայութեան համար, ապա նշեց, որ Ս. Ծննդեան նուիրուած թատերական այս համերգով սկիզբ կ՛առնէ եկեղեցւոյ 125ամեակի տօնական ձեռնարկներու շարքը, որուն համար իր երախտիքը յայտնեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին եւ բոլոր նուիրեալ խումբերուն եւ Ֆրեզնոյի հայութեան բերած խանդավառ մասնակցութեան՝ շրջանի հոգեւոր, ազգային, կրթական ու մշակութային հայաբնոյթ զանազան տեսակի գործունէութիւններուն:
Հուսկ, առաջնորդը գնահատեց հոգեւոր հովիւը, Հոգաբարձութիւնը եւ եկեղեցւոյ պայծառացման նուիրեալ կամաւորները՝ իրենց ցուցաբերած հոգածութեան եւ բծախնդիր աշխատանքին համար եւ դրուատեց տեղւոյն հայութիւնը՝ շրջանի հոգեւոր եւ ազգային կեանքի շարունակականութեան ու վերելքին իր բերած ընդգծելի մասնակցութեան համար: Ան նաեւ գնահատանքի արժանացուց եկեղեցւոյ երգչախումբի եւ երիտասարդական կազմի անդամները՝ դիտել տալով, որ եկեղեցւոյ շրջափակը լեցուցած ժողովրդային բազմութիւնը ինքնին ապացոյց է, որ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին 125 տարիներու իր պատմութեամբ եւ հոգեւոր ու ազգային ծառայութեամբ, նա՛եւ կը հանդիսանայ երաշխիք՝ հայկական կեանքի առաւել զարգացման ու յառաջդիմութեան:

Այնուհետեւ, սրբազանին տնօրինումով, բազմութենէն դուրս եկան խումբ մը մանուկներ եւ իրենց թաթիկներով կատարեցին եկեղեցւոյ շրջափակը տեղադրուած ամանորեան զարդարուն տօնածառին լուսաւորումը՝ ժողովրդային ցնծութիւնը հասցնելով իր գագաթնակէտին:
Յայտնենք, որ առաջնորդը Ֆրեզնոյի մէջ նաեւ իր հայրական այցելութիւնը շնորհեց թեմի բարերարուհի Անոյշ Շամլեանին եւ շրջանի վաստակաւոր հայ ընտանիքներու եւ արժանացաւ անոնց ջերմ հիւրընկալութեան: Առաջնորդին կ՛ընկերակցէին հոգեւոր, ազգային եւ համայնքային գործիչներ: