Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով Պաքուի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ օդային ուժերու հրամանատար Զիյա Ճեմալ Քատըողլուի հետ:
Հասանով թրքական պատուիրակութեան տեղեկացուց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին ներկայ իրավիճակին մասին՝ ընդգծելով Հայաստանի վերազինման «բացասական ազդեցութիւնը» տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման վրայ: