
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը յայտարարեց Սերժ Տ. Պուչաքճեանը իր նորընտիր գործադիր տնօրէնը նշանակելու որոշումին մասին: Պուչաքճեան իր նոր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 1 Փետրուար 2025ին:
Պուչաքճեան ծնած է Պէյրութ, ուր ան իր վաղ ձեւաւորման տարիներուն յաճախած է տեղւոյն Հայ աւետարանական քոլէճը, նախքան իր առեւտրական կառավարման B.A. վկայականը ստանալը Հայկազեան համալսարանէն: 1975ի վերջերուն, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սրումը ստիպեց զինք գաղթելու Միացեալ Նահանգներ եւ իր ուսումը շարունակելու Պոսթընի Northeastern համալսարանին մէջ, նոյն ճիւղին մէջ ստանալով Մագիստրոսի (M.A.) վկայականը՝ 1978ին: Ան նաեւ ամբողջացուցած է կառավարման ծրագիրներ Harvard, Oxford եւ Northwestern համալսարաններուն մէջ:
Պուչաքճեան Աւետարանչականին կը բերէ առաւել քան 35 տարիներու փորձառութիւն մը միջազգային օդատիեզերական եւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտներէն: Աւելի վաղ, ան ունեցած է ղեկավար պաշտօններ, որոնց շարքին են՝ L3 Technologies-ի միջազգային լուծումներու առեւտրական բաժինի փոխնախագահի եւ գլխաւոր ղեկավարի պաշտօնները, ինչպէս նաեւ՝ Oshkosh Defense-ի միջազգային ծրագիրներու աւագ փոխնախագահի եւ գլխաւոր ղեկավարի, ուր ան նաեւ եղած է ընկերութեան կառավարման պաշտօնեայ: Անոր նախկին պաշտօնները կը ներառեն գործադիր պաշտօններ Honeywell International Inc.-ի մէջ (նախապէս AlliedSignal), ուր ան չորս տարիներ անցուցած Լոնտոնի մէջ, վերահսկելով գործունէութեան ամբողջ Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ, եւ եղած է անդամ անոնց տնօրէններու խորհուրդին: Ան նաեւ վարած է համաշխարհային առաջնորդի դերեր Smiths Industries Aerospace-ի մէջ (այժմ՝ GE) եւ Lear Siegler Inc.-ի մէջ տարբեր պատասխանատուութիւններով, որոնք կ՛ընդգրկեն ամբողջ աշխարհը:
Իր վարած պաշտօններէն անդին, Պուչաքճեան մեծ ներդրում ունեցած է բազմաթիւ հասարակական եւ մասնագիտական կազմակերպութիւններու մէջ, ինչպէս՝ Ազգային պաշտպանական արդիւնաբերական ընկերակցութիւն (NDIA), Ամերիկայի բանակի ընկերակցութիւն (AUSA) եւ Օդատիեզերական արդիւնաբերութեան ընկերակցութիւն (AIA): Ան նաեւ ծառայած է Ամերիկա-Հնդկաստան Առեւտրական խորհուրդին (USIBC), ուր ան նախագահն էր Առեւտրական յանձնաժողովին, Ամերիկա-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Գործարար խորհուրդին եւ Միջազգային փոխըմբռնման առեւտրական խորհուրդին:
Հայ համայնքի նուիրեալ անդամ՝ Պուչաքճեան ծառայած է շարք մը հայկական կազմակերպութիւններու մէջ՝ ինչպէս Հայ ընկերակիցներու միութեան (ASOF), Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Վարչական խորհուրդին, Աւետարանչականի Եւրոպայի յանձնաժողովին եւ Փրեմըսի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ Վարչական խորհուրդին ադամ եւ ներկայիս՝ իբրեւ երէց:
Բազմաթիւ լեզուներու տիրապետող Պուչաքճեանի գործի կեդրոնը պիտի ըլլայ Աւետարանչականի կեդրոնատեղին՝ Փրեմըսի (Նիւ Ճըրզի) մէջ: Ան ամուսնացած է Անիթային (Փիլիպոսեան) հետ եւ ունի դուստր մը (Նինա) եւ մանչ մը (Մարք):
«Պուչաքճեանի հետ իմ ծանօթութիւնը կը սկսի Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլէճէն: Պուչաքճեան կը միանայ ընկերակցութեան կառավարման աշխարհի մեծ փորձառութեամբ, ուր ան կատարելագործած է իր հմտութիւնները՝ իբրեւ արդիւնաւէտ առաջնորդ եւ ընդունակ նորարար եւ վարիչ: Ան շատ գործունեայ, բայց նոյն ատեն շատ համեստ եւ ուշադիր անձնաւորութիւն մըն է: Պուչաքճեան ամուր հաւատքի տէր եւ հայրենասէր անձ է. ան ամուր կերպով կապուած է իր պապենական հայրենիքին՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հետ: Ես խորապէս կը հաւատամ, որ Պուչաքճեան հնարաւորութիւն պիտի տայ Աւետարանչականին՝ իրականացնելու իր առաքելութիւնը եւ բարձրացնելու Ընկերակցութիւնը նոր բարձունքներու վրայ», ըսաւ Աւետարանչականի Վարչական խորհուրդի ներկայ նախագահ տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան:
«Սերժին մեծ փորձառութիւնը միջազգային ղեկավարութեան մէջ եւ անոր խոր նուիրուածութիւնը ընկերակցութեան արժէքներուն եւ առաքելութեան, իրեն կու տան եզակի որակաւորում ընկերակցութիւնը առաջ տանելու դէպի ազդեցիկ ծառայութեան նոր շրջան մը», յայտնեց Վարչական խորհուրդի նորընտիր նախագահ Կերի Ռ. Ֆիլիփս: