14 Դեկտեմբերին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին նախաձեռնութեամբ՝ Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններ. Սպառնալի՞ք, թէ՞ հնարաւորութիւն» խորագիրով միջազգային խորհրդաժողովը:
ՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեակէն կը հաղորդեն, որ աշխարհաքաղաքական ներկայ զարգացումներու ծիրին մէջ, խորհրդաժողովը պիտի անդրադառնայ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու տարբեր շերտերուն` մասնաւորաբար քննելով վերջինիս ազդեցութիւնը Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ապահովութեան, ընկերային-տնտեսական իրավիճակին եւ զարգացման հեռանկարներուն վրայ:
Խորհրդաժողովը պիտի ընթանայ հետեւեալ առանցքային նիւթերուն շուրջ.
– Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը՝ իբրեւ ապահովական եւ զսպիչ գործօն,
– Աշխարհաքաղաքական զարգացումներ. փանթրքականութիւնը տարածաշրջանային սպառնալիք,
– Հայաստան-Թուրքիա տնտեսական յարաբերութիւններ. կախուածութի՞ւն, թէ՞ կարելիութիւն:
Զեկոյցներով հանդէս պիտի գան քաղաքական, գիտական եւ փորձագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներ` Հայաստանէն եւ արտերկրէն:
Խորհրդաժողովին մասնակցելու համար պէտք է նախապէս արձանագրուիլ հետեւեալ յղումով: