
Մուհամմատ Պաշիրի գլխաւորութեամբ սուրիական փոխանցման կառավարութիւնը Դամասկոսի մէջ պաշտօնապէս ստանձնեց իշխանութիւնը:
Նախքան այդ, Սուրիոյ կառավարութիւնը գումարեց ժողով մը՝ ներկայութեամբ նախկին վարչապետ Մուհամմատ Ճալալիի եւ նոր նշանակուած վարչապետ Պաշիրի:
Սուրիական քաղաքական վարչակազմէն աղբիւրներ «Ճազիրա» կայանին յայտնեցին, որ Պաշիրի ընթացիկ աշխատանքներու փոխանցման կառավարութեան պաշտօնավարութիւնը երեք ամիս պիտի տեւէ` աւելցնելով, որ այդ ընթացքին ապահովական ծառայութիւնները պիտի լուծարուին եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրէնքները չեղեալ պիտի նկատուին:
Աղբիւրները աւելցուցին, որ պիտի ուսումնասիրուի ներկայ բանակի կացութիւնը եւ անոր վերադասաւորումը` նշելով, որ ապահովութեան հաստատումը, ծառայութիւններու մատուցումը եւ հեզասահ փոխանցումը ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան առաջնահերթութիւններն են:
Անոնք յայտնեցին, որ ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութիւնը մնայուն կառավարութեան համար ենթահող պիտի պատրաստէ` աւելցնելով, որ մնայուն կառավարութեան կազմութեան համար խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին:
Երկուշաբթի օր, Պաշիր վարչապետ նշանակուած էր իշխանութեան փոխանցման դասաւորումներու եւ Սուրիոյ անիշխանութեան մատնուիլը կանխարգիլելու միջոցառումներու քննարկման ժողովէն ետք: Ժողովին մասնակցած էին զինուորական գործողութիւններու ղեկավարման հրամանատար Ահմետ Շարեհ (իսմալական «Հայըաթ Թահրիր Շամ» խմբաւորումի ղեկավար Ապու Մուհամմատ Ճուլանիի բուն անունը), Պաշիր եւ Ճալալի, որուն պարտականութիւն տրուեցաւ կառավարութեան գործերը յառաջ մղել:
Շարեհ յայտնեց, որ փրկութեան կառավարութիւնը փորձառու տարրեր ունի, եւ իր գործունէութիւնը սկսած է ոչինչէն:
Նաեւ, Սուրիոյ ռազմական գործողութիւններու վարչութիւնը ընդհանուր ներում յայտարարեց բոլոր զինուորական պարտադիր ծառայութիւն ունեցողներուն՝ շեշտելով, որ պիտի երաշխաւորէ անոնց ապահովութիւնը եւ այսուհետեւ կ՛արգիլուի անոնց նկատմամբ որեւէ ոտնձգութիւն։
Միւս կողմէ, Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Կիր Փեթերսոն յայտնեց, որ Սուրիա «ներկայիս խաչմերուկի վրայ է, եւ սուրիական հողերուն վրայ իսրայէլեան ներկայ շարժումները պէտք է դադրին»:
Փեթերսոն կոչ ուղղեց՝ «հաստատելու հաւաստի փոխանցման դասաւորումներ, որոնք Դամասկոսի մէջ բոլորը կը ներառեն»:
Ան զգուշացուց յաւելեալ տագնապներէ, եթէ ազգային խմբաւորումներուն եւ սուրիական կողմերու ամէնէն լայն շրջանակը մասնակից չդարձուի: ««Հայըաթ Թահրիր Շամ»ը ներկայիս Դամասկոսի մէջ տիրող խմբաւորումն է, սակայն անիկա միակը չէ: «Հայըաթ Թահրիր Շամ»ի ահաբեկչական խմբաւորում որակաւորումէն 9 տարի անցաւ, եւ անիկա ուրիշներու հետ կը շարունակէ լաւ եւ հանգստացնող պատգամներ ուղղել: Կը կարծեմ, որ միջազգային ընտանիքը վերատեսութեան պիտի ենթարկէ «Հայըաթ Թահրիր Շամ»ի ահաբեկչական կազմակերպութիւն որակաւորումը, ըսաւ Փեթրսոն՝ աւելցնելով. «Կը թուի, թէ սկիզբը Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած թալանը դադարեցաւ: Բազմաթիւ սուրիացիներ կը յուսան իրենց բնակավայրերը վերադառնալ, սակայն ապրուստի պայմանները տակաւին դժուար են»:
Մինչ այդ, իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը, մէջբերելով բարձրաստիճան ապահովական աղբիւր մը՝ հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը անցնող օրերուն Սուրիոյ մէջ 500 թիրախներու վրայ յարձակում գործեց` զայն որակելով «մեր պատմութեան մէջ մեծագոյն յարձակումները»: «Սուրիոյ մէջ պատերազմական օդանաւեր, մարտանաւեր եւ ռազմավարական կառոյցներ քանդեցինք` անոնց ընդդիմութեան ձեռքը անցնիլը կանխարգիլելու համար», կ՛ըսէ աղբիւրը: