
Հայանպաստ իր կեցուածքներով ծանօթ քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն նշանակուեցաւ յառաջիկան Քոնկրեսին մէջ Հայկական համախմբումին փոխատենապետը։ Դեմոկրատ կուսակցութեան անդամ Շըրմըն կը ներկայացնէ Քալիֆորնիոյ քոնկրեսական 32րդ ընտրատարածքը եւ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին բարձրաստիճան անդամ է։
Շըրմըն իրեն համար պատիւ համարեց այս նշանակումը՝ յիշեցնելով, որ վերջին գրեթէ երեք տասնամեակներուն, իր կարելին ըրած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու ջանքերուն եւ նեցուկ կանգնած է ամերիկահայութեան իրաւունքներուն։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց Շըրմընի նշանակումը՝ յիշեցնելով, որ ան կենսական դերակատարութիւն ունեցած է Միացեալ նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու սերտացման, Հայոց Ցեղասպանութեան քոնկրեսական ճանաչումը ապահովելու, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը հաշուետուութեան կանչելու եւ Արցախին ու Հայաստանին աջակցութիւններ ապահովելու ջանքերուն մէջ։
Յիշեցնենք, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը ներկայիս ունի առաւել քան 100 անդամներ։