ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մշակոյթի նախարարութիւնը յայտարարած է «Գրանշան 2008» տառատեսակներու միջազգային մրցանք, յայտնեց Հայաստանի ազգային գրապալատի հայկական տառատեսակներու պահպանման եւ մշակման բաժինի պետ Էտիկ Ղաբուզեան:
Մրցանքին նպատակն է նպաստել հայկական տառարուեստի նոր ու աւանդական ձեւերու զարգացումին եւ միջազգային ճանաչումին, հեղինակային իրաւունքներու պահպանումին:
Մրցանքի անուանակարգերն են՝ «Հայկական շարուածքային տառատեսակներ ծայրատներով», «Հայկական շարուածքային տառատեսակներ առանց ծայրատներու», «Հայկական աւանդական շարուածքային տառատեսակներ», «Լատինական, քիրիլեան, ազատ ոճի տառատեսակներ»: Բոլոր անուանակարգերուն մէջ առաջին տեղերը գրաւող աշխատանքները պիտի ստանան գլխաւոր մրցանակ՝ 100 հազար դրամ իւրաքանչիւր աշխատանքի համար, երկրորդ եւ երրորդ տեղերը նուաճած աշխատանքները պիտի արժանանան պատուոյ գիրերու եւ պարգեւներու:
«Գրանշան 2008» մրցանքի գլխաւոր մրցանակը շահող տառատեսակները պիտի առաջարկուին կառավարութեան կառոյցներուն մէջ գործածելու համար՝ կնքելով համապատասխան պայմանագիրներ հեղինակային իրաւունք ունեցող անձին կամ կազմակերպութեան հետ: Ներկայացուող տառատեսակներու նախագիծերու ընդունման ժամկէտը 2008ի Յունիս 10ն է: