
Հայկական պարարուեստը ազգային մշակոյթի կենդանի արտայայտութիւնն է, որ կը ցոլացնէ մեր ժողովուրդին ինքնութիւնը, դարերու պատմութիւնը եւ հայեցի կեանքի առօրեայ արժէքները: Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Քաթրին Հայրապետեան, պարուսոյց՝ Արի Լիպարիտեան եւ «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութիւնը երկար տարիներէ ի վեր հնարաւորութիւն կու տան մեր մանուկներուն, պատանիներուն եւ երիտասարդներուն՝ կապ հաստատելու իրենց արմատներուն հետ, հասկնալու մեր պարերու իւրայատկութիւնը եւ հարթակ ստեղծելու մեր աւանդական պարերը ներկայացնելու:
Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Նայիրի» պարախումբի տարեկան ելոյթը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 10 Նոյեմբերին, CSUN Plaza Del Sol համերգասրահին մէջ, ներկայութեամբ մեծ թիւով հանդիսատեսներու:
70 փոքրեր, պարմանուհիներ եւ երիտասարդներ, երկարամսեայ փորձերէ ետք՝ բեմի վրայ ներկայացուցին սքանչելի պարեր՝ «Հայի Աչքեր», «Քամանչա», «Ով Հայոց Աշխարհ», «Քոչարի», «Բերդ», «Զանգեզուր», «Եարխուշտա» եւ System of A Down-ի Protect The Land երգերով:
Գեղեցկօրէն կազմակերպուած եւ տպաւորիչ պարային խումբերու ելոյթը հեզասահ էր եւ կը ցուցադրէր պարողներուն գիտակցութիւնն ու ընկալումը հայկական պարարուեստին:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցան վարչութեան ատենապետուհի Արաքսի Գազանճեան եւ Մարօ Գասպարեան, իսկ անգլերէնով՝ Դալար Մինասեան, որոնք շեշտեցին հայկական ժողովրդային պարերու պահպանման անհրաժեշտութիւնը՝ աւելցնելով, որ այս աւանդութիւնները ոչ միայն կ՛ապրին, այլ կը զարգանան՝ դառնալով պատանիներուն եւ երիտասարդներուն ոգեշնչման ու ինքահաստատման աղբիւր:
Ելոյթին աւարտին Քաթրին Հայրապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց օժանդակող ծնողներուն եւ անհատներու, ինչպէս նաեւ վարչութեան:
(Թղթակցութիւնը՝ մասնաճիւղէն)