«…Երգ սիրեցէք կեանքից, գինուց, ամէն բանից աւելի.
Երգն է միակ բալասանը անդընդախոր ցաւերի.
Երգ հիւսեցէք, առանց երգի՝ վիշտն աշխարհը կ՛աւերի»:
ՍԱՐՄԷՆ
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Մեր՝ հայութեան կեանքը փոթորկող իրադարձութիւնները, Սուրիոյ վերջին դէպքերը, Հայաստանի պատմական երկրաշարժին վերյուշը եւ ընդհանրապէս մարդկութեան կեանքը խռովող ծանօթ զարգացումները՝ տագնապեցնող լեռնաշղթաներ կազմած են միտքիս ու հոգիիս մէջ. վստահ եմ որ առանձին չեմ. բիւրաւորներ համակուած են նոյն անձկութեամբ:
Ահա այս հոգեվիճակով, այսինքն՝ սիրտ ճմլող-ճնշող դիպաշարներով լեցուած ճամպրուկով էր, որ Կիրակի, 8 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին ճամբայ ելայ դէպի Կլենտէյլ՝ ներկայ ըլլալու «Լարք»ի համերգաշարին այս տարուան երկրորդ ծրագիրին, երաժշտական այս հաստատութեան, դուք ըսէք՝ մեր մշակոյթի «մանրանկար նախարարութեան» յարկին տակ:
Համաճարակին պարտադրած ընդհատումէն ետք, «Լարք»ը այս տարի վերականգնած է աւելի քան տասնամեայ աւանդութիւնը եւ իբրեւ ժամադրավայր ունի իր նոր սրահը՝ երաժշտանոց-ուսումնարանին կողքին:
Ճամբուս վրայ մտաբերեցի երգի բարերար եւ ամոքիչ ազդեցութեան մասին Սարմէնի գողտրիկ բանաստեղծութեան տողերը, զորս տարինե՜ր առաջ, աշակերտական գրասեղանին ետին նստած՝ սորված էի հայերէնը սորվեցնող մեր ուսուցիչին թելադրանքով: Կը մտածէի, թէ արդեօք այդ տողերուն իմաստը տակաւին ի զօրո՞ւ է, թէ՞ աշխարհի ահարկու դէպքերը անոր վրայ ալ դրած են «ժամանցուած» պիտակը: Երբ սննդանիւթ կամ դեղ կը գնենք, անոնց վրայ տեղ մը արձանագրուած կ՛ըլլայ սպառման համար սահմանուած պայմանաժամը, expiration date!!!
Փոքր բայց կոկիկ սրահը շուտով «բերնէ-բերան» լեցուեցաւ, եւ կարծէք թէ ընտանեկան մթնոլորտի մը մէջ պարուրեց երաժշտասէր ներկաները. կողքի պատերուն ամրացուած գրադարանները այլապէս մշակոյթի կնիք մը դրած էին սրահին վրայ, եւ սպասուած երաժշտութեան կողքին՝ ԳԻՐի թելադրանքը կ՛ուղղէին բոլորին: Սրահ մուտք գործողները «դիմաւորուած» էին թանգարանային իրեր պարունակող (առայժմ) փոքր ապակեդարանով մը՝ Հայ մշակոյթի բազմերանգ ծիածանին մէկ այլ գոյնը:

Չորս առաւել մէկ երիտասարդ երաժիշտներ քիչ ետք ներկաները փոխադրեցին ՀԱՅ Կոմիտասի, ֆրանսացի Ռաւէլի եւ գերմանացի Պրամզի մագնիսացնող աշխարհները, փոթորկած հոգիիս (հաւանաբար այլ փոթորկոտ հոգիներու) համար ստեղծելով խաղաղ նաւահանգիստ մը: Երաժշտութիւնը ազգային սահմաններու մէջ չի բանտարկուիր, ոեւէ հանճարի ստեղծագործութիւնը անպայման որ կ՛ողողէ արուեստասէրի էութիւնը. երաժշտութեան «լեզուն», հանդարտ ըլլայ անիկա թէ խանդավառ-եռեւեփող՝ արուեստի՛ ճամբով, մատուցողներու մատներուն հպումներով՝ հասկնալի կ՛ըլլայ ընկալողին, անկախ անոր ազգային պատկանելիութենէն:
Մօտաւորապէս երկու ժամ օրօրուեցայ (օրօրուեցանք) հմայիչ կատարողութեան «կենսոլորտ»ին մէջ. մտածումս զիս տարաւ այլ պատկերներու. ունեցայ այն զգացումը, որ երկար ատենէ ի վեր անապատին մէջ ճամբորդողի մը եւ հորիզոնին վրայ միայն աւազ, աւազի դաշտեր տեսնողի մը պէս, յանկարծ հասած եմ յուսատու ովասիս մը, ուր կան կանաչութիւն, կենսատու եւ զուլալ ջուր, շուք եւ հանգիստ պարգեւող ծառեր, արեւուն խորշակը բալասանող զեփիւռ…: Մէկ խօսքով, պահ մը անջատուեցայ անյոյս երեւցող անապատէն, մոռցայ (մոռնալ ձեւացուցի) տաժանելի ճամբորդութիւնը եւ միտքս ու հոգիս յանձնեցի «երգն է միակ բալասանը» թելադրանքին:
Լաւ բաներն ալ վերջ կ՛ունենան, ինչպէս ամէնէն երկար ու տաժանելի թուացող գիշերը: Երգահանդէսը վերջ գտաւ, դուրս եկանք սրահէն (եւ հիւրասիրութեան արժանացանք կողքի փոքր սրահին մէջ), եւ ճամբայ ելանք դէպի… անապատային ճամբորդութեան յաջորդ փուլը, առանց մտահան ընելու, որ «առանց երգի՝ վիշտն աշխարհը կ՛աւերի»:
…Տուն դարձի ճամբուս վրայ, հոգիիս մէջ կը յամենար ազնիւ երաժշտութեան բալասանող ներգործութիւնը: Հորիզոնիս վրայ կան յաջորդ ովասիսները՝ այս եղանակի երրորդ եւ չորրորդ համերգները՝ Մարտին եւ Մայիսին:
Երանի՜ թէ երաժշտական այս ու նման ովասիսներ ծաղկեցնեն եւ կանաչազարդեն սեւ ու կարմիրով բռնադատուած մեր աշխարհը, մեր օրերը:
9 Դեկտեմբեր 2024