Փենթակոնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Ճ. Օսթընի հանդիպումին մասին: Երկու նախարարները հանդիպում ունեցան՝ քննարկելու Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ ռազմավարական յարաբերութիւնները:
«Ձեր այցելութիւնը պատմական է: Հայաստան իր ձեռքը երկարած է Միացեալ Նահանգներուն, եւ ես հպարտ եմ, որ այսօր ձեզ կը հիւրընկալեմ այստեղ», ըսաւ Օսթըն` ողջունելով իր պաշտօնակիցը:
Ան աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգները կ՛աջակցի գերիշխան, անկախ եւ բարգաւաճ Հայաստանին, եւ որ երկու ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները կը շարունակեն սերտանալ:
Օսթըն նաեւ նշեց, որ վերջին երկու տարիներուն, Միացեալ Նահանգները ապահովութեան ոլորտին մէջ Հայաստանին տրամադրած է առանցքային օգնութիւն: Օսթըն աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգները կը ծրագրէ պահպանել յարաբերութիւններու ամրապնդման թափը:
Ան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը՝ հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան:
«Մեր զօրքերը ուս ուսի ծառայած են Աֆղանիստանի մէջ՝ «Վճռական աջակցութիւն» առաքելութեան ընթացքին, եւ մենք կը շարունակենք միասին աշխատիլ ՆԱԹՕի Քոսովոյի ուժերուն մէջ: Ասիկա մեր առաջին հանդիպումն է, եւ մենք ունինք ամբողջական օրակարգ մը: Ես անհամբեր կը սպասեմ լսելու Հայաստանի զինուած ուժերու՝ ձեր տեսլականին եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հեռանկարներուն մասին», յայտնեց Օսթըն:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւս յայտարարութիւն մը հրապարակեց այս հանդիպումին մասին՝ նշելով, որ նախարար Սուրէն Պապիկեան ամերիկացի իր պաշտօնակիցին ներկայացուց Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ բարեփոխումներու ընթացքը, նշեց համագործակցութեան կարեւոր ուղղութիւնները` ռազմական կրթութիւն, մարտական պատրաստութիւն, միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մէջ մասնակցութեան նախապատրաստման շրջագիծի մէջ վարժութիւններ, արհեստավարժ սերժանտական եւ հրահանգչական հաստատութիւններու մէջ զարգացում եւ Հայաստանի զինուած ուժերու ուսումնավարժական կարողութիւններու ստեղծում եւ այլն:
Պապիկեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, որ Փենթակոնի ղեկավարը հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգները կ՛աջակցի Հայաստանի անկախութեան, գերիշխանութեան եւ բարեկեցութեան` ընդգծելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը կը շարունակէ ընդարձակուիլ:
«Հաստատել եմ տարածաշրջանում երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու Հայաստանի ձգտումը: ԱՄՆ պաշտպանութեան քարտուղար Լլոյդ Օսթընն իր հերթին յայտնել է ԱՄՆ աջակցութիւնն այդ նպատակին», գրած է Պապիկեան։