Անգարա կ՛ակնկալէ, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բանակցութիւններու դրական զարգացումները պիտի յանգեցնեն խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան, Թուրքիոյ Ազգային Ապահովական խորհուրդը քանի մը օր առաջ այս յայտարարութիւնը տարածեց` նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած նիստէն ետք:
«Մնայուն խաղաղութեան հաստատումը կը բխի տարածաշրջանի բոլոր խաղացողներու շահերէն», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:
Խորհուրդը յատկապէս քննարկեց Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Կազայի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, Ուքրանիոյ ճգնաժամը եւ անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն: