
«Հայաստան պէտք է բանակցութիւններու սկսի, (այսպէս կոչուած) «Արեւմտեան ատրպէյճանական» համայնքին հետ եւ գործնական քայլերու ձեռնարկէ անոնց հիմնարար իրաւունքները վերականգնելու համար», հաստատեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ աւելցնելով. «Բացի ասկէ, Հայաստան պէտք է թոյլ տայ ԵՈՒՆԵՍՔՕին՝ փաստահաւաք առաքելութեան այցելութեան եւ համագործակցի այս ոլորտին մէջ՝ վերահսկելու մեր ժողովուրդին պատկանող պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ աղաւաղման իրավիճակին»:
Ալիեւ այս յայտարարութիւնը կատարեց (այսպէս կոչուած) «Արեւմտեան Ատրպէյճանի» համայնքի 2րդ միջազգային համաժողովին՝ «Վերադարձի իրաւունք. արդարութեան ապահովում Հայաստանէն բռնի տեղահանուած ատրպէյճանցիներուն համար» նիւթով: «Արեւմտեան Ատրպէյճան» ըսելով՝ Պաքու նկատի ունի Հայաստանի գերիշխան տարածքը:
Ալիեւ նաեւ յայտարարեց, որ «առասպելական մեծ Հայաստանի մասին երազները կը խոչընդոտեն մնայուն խաղաղութեան հասնելուն»:
Ան անգամ մը եւս յիշեցուց, որ խաղաղութեան գործընթացին կը խանգարեն նաեւ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ «տարածքային պահանջները Ատրպէյճանի նկատմամբ», «Հայաստանի կողմէ արագ զինուիլը»:

Յայտնենք, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու անմիջական հովանաւորութեամբ գործող «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի համայնքը 5 Դեկտեմբերին Պաքուի մէջ կազմակերպած էր հակահայկական հերթական համաժողովը, որուն մասնակցած են Ատրպէյճանի մօտ հաւատարմագրուած առաւել քան 25 դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ, առաւել քան 100 ներկայացուցիչներ տարբեր երկիրներէ, որոնց կարգին՝ Թուրքիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Մեծ Բրիտանիայէն, Գերմանիայէն, Իտալիայէն, Պելճիքայէն եւ Ֆրանսայէն: Հիւրերու կարգին էր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մանրամասնութիւնները կը հաղորդէ «Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնարկը, որուն հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի հետեւեալը. «Համաժողովի ընթացքում ռազմատենչ եւ տարածքային պահանջներ ներկայացնող յայտարարութեամբ ելոյթ է ունեցել նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքը դարձեալ անուանելով «Արեւմտեան Ադրբեջան»: Իր խօսքում Ալիեւը նշել է, թէ «Հայաստանում ապրող ադրբեջանցիները ենթարկուել են էթնիկ (ցեղային) զտումների եւ աստիճանաբար բռնի կերպով վտարուել են իրենց պատմական հայրենիքից, եւ որ «Արեւմտեան Ադրբեջան» համայնքի գործունէութիւնը միայն ենթադրում է «ապահովել տեղահանուած ադրբեջանցիների վերադարձն իրենց պապենական հողերը՝ խաղաղ եւ ապահով պայմաններում»: Ըստ Ադրբեջանի նախագահի՝ Հայաստանի տարածքում ադրբեջանական պատմամշակութային յուշարձաններից պահպանուել է միայն Կապոյտ մզկիթը, որի նախնական պատմաճարտարապետական ոճը, իբրեւ թէ, Հայաստանը միտումնաւոր փոխել է: Ադրբեջանի նախագահը, հաւանաբար, նկատի ունի հայկական կողմի փաստարկուած յօդուածները, որոնք ապացուցում են մզկիթի իրանական լինելը: «Գեղարդ» հիմնադրամն օրերս անդրադարձել էր նաեւ «Արեւմտեան Ադրբեջան» մտացածին նարատիւին (պատումին)՝ ներկայացնելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքն Ադրբեջանի կողմից «պատմական հայրենիք» անուանելը, իսկ երկրի վարչատարածքային միաւորներին կեղծ անուանումներ տալն, ակնյայտօրէն, որեւէ աղերս չունեն պատմական իրականութեան հետ, եւ ոչ այլ ինչ են, քան տարածքային ամբողջականութեան սպառնալիք»: