
4 Դեկտեմբերին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունցի, Արցախի խորհրդարանի «ՀՅ Դաշնակցութիւն», «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ», «Արդարութիւն», «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութիւններու եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւններու պատգամաւորներուն ներկայութեան տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը:
Օրակարգի վրայ էին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ բռնի տեղահանուած արցախցիներուն յատկացուող ընկերային ծրագիրներուն, Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ օրէնքի ուժով կեանքի կոչուած «Բռնի տեղահանուած արցախցիների կենսագործունէութեան կազմակերպման պայմանների ուսումնասիրութիւն իրականացնող» քննիչ յանձնաժողովի գործունէութեան եւ միացեալ նախաձեռնութիւններուն վերաբերող հարցեր: