Հայաստանի՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ) դուրս գալու վերաբերեալ փաստաթուղթեր չեն ստացուած, Մալթայի մէջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով՝ մեկնաբանելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, թէ Հայաստան արդէն ինքնիրեն ՀԱՊԿէն դուրս կը նկատէ, եւ թէ ՀԱՊԿի հետ յարաբերութիւնները հատած են անդառնալիութեան կէտը:
«Այդպիսի փաստաթուղթ մը չէ ստացուած: Մենք լսած ենք այդ քննարկումները, եւ Հայաստանի վարչապետը խորհրդարանին մէջ լայնօրէն խօսած է այդ նիւթին մասին: Մենք ոեւէ մէկուն ոչինչ կը պարտադրենք: Մենք համոզուած ենք, որ Հայաստանի ապահովական շահերէն կը բխի իր անդամակցութիւնը ամբողջութեամբ օգտագործելը», յայտարարեց Լաւրով:
Ասոր զուգահեռ, NEWS.ru-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, Ռուսիոյ Դաշնութեան խորհուրդի Միջազգային գործերու կոմիտէի փոխնախագահ Վլատիմիր Ճապարով յայտնեց, որ միայն ՀԱՊԿը կրնայ երաշխաւորել Հայաստանի ապահովութիւնը:
Անդրադառնալով օր մը առաջ ՀԱՊԿէն Հայաստանը դուրս նկատելու՝ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն՝ Ճապարով շեշտեց, թէ Ռուսիա յոյս ունի, որ բոլոր տարակարծութիւնները կը լուծուին հանրապետութեան հետ:
«Ես կողմնակից եմ այն դիրքորոշման, որ ներկայացուցած է մեր նախագահը: Ես պարզապէս չեմ տեսներ, թէ ո՛վ կրնայ փոխարինել, ո՛վ կրնայ պահպանել Հայաստանի ապահովութիւնը արտաքին սպառնալիքի պարագային, ՀԱՊԿէն բացի», ըսաւ Ճապարով, որ կասկածեցաւ, որ Միացեալ Նահանգները պիտի կարենայ լաւ գործընկեր դառնալ Երեւանի համար՝ տալով Ուքրանիոյ օրինակը, որ Մոսկուայի փոխարէն կը փորձէ յարաբերութիւններ ստեղծել Ուաշինկթընի հետ: «Ես յոյս ունիմ, որ պիտի յաղթանակէ առողջ բանականութիւնը մեր յարաբերութիւններուն մէջ: Ռուսիա եղած է, է ու պիտի մնայ Հայաստանի ժողովուրդին միակ հաւատարիմ բարեկամը տեսանելի ապագային», յայտնեց Ճապարով: