ԿԱՊԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւան-Մեղրի միջպետական ճամբու՝ Սիւնիքէն անցնող հատուածը երթեւեկելի, սակայն դժուարանցանելի է: Այս մասին յայտնեցին մարզային փրկարար վարչութեան աղբիւրները եւ նշեցին, որ սառնամանիքի պատճառով մայրուղիի մեծ մասը ծածկուած է սառոյցով, որ կը դժուարացնէ մեքենաներու տեղաշարժը:
Դժուարանցանելի են յատկապէս մայրուղիի Գորիս-Կապան, Կապան-Քաջարան հատուածները եւ Մեղրիի լեռնանցքը, ուր ժամանակ առ ժամանակ ուժեղ քամին ճամբու սառոյցը կը ծածկէ ձիւնի շերտով: