Իսրայէլ Երեքշաբթի օր շարունակեց խախտել Լիբանանի հետ զինադադարի համաձայնութիւնը` թիրախ դարձնելով հարաւային Լիբանանի սահմանային գիւղերը, ինչպէս նաեւ Պեքաան:
Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Երկուշաբթի օր նաեւ հարուածեց հիւսիսային Լիբանանի Հերմել գաւառի Հաուշ Սէյիտ Ալի գիւղին մէջ բանակի կեդրոնին մօտ դիրքի ամրապնդման աշխատանք տանող քարշակը, այդ պատճառով ալ լիբանանեան բանակէն զինուոր մը վիրաւորուեցաւ:
Հարաւային Լիբանանի մէջ Պետական ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Նապաթիէի շրջանին մէջ թիրախ դարձուց իր անդամներէն մէկը, որ սպաննուեցաւ:
Իսրայէլեան ուժերը նաեւ կրակեցին Նաքուրա գիւղին մէջ բնակարաններու ուղղութեամբ, մինչ այդ իսրայէլեան օդուժէն ռմբաձիգներ թռիչքներ կատարեցին Սուր գաւառի գիւղերուն վերեւը:
«Միացեալ Նահանգները զգուշացուց Իսրայէլը Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութիւնը խախտելէ», իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնեցին լաւատեղեակ աղբիւրն:
Երկուշաբթի երեկոյեան, «Հըզպալլա»ն յայտարարեց, թէ «նախնական պաշտպանողական հակազդեցութեամբ մը» երկու հրթիռներ արձակեց Ռուէյսաթ շրջանին վրայ, այն բանէն ետք, երբ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները դադրեցնելու գծով համապատասխան կողմերուն կատարուած դիմումները ապարդիւն մնացած էին: