«Ապահով եւ արժանապատիւ վերադարձ Արեւմտեան Ատրպէյճան» թեմայով խորհրդարանական լսումներուն ընթացքին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային ապահովութեան վարչութեան ղեկավար Սամիր Պեճանով յայտնեց, որ Հայաստան լրջօրէն կը խախտէ միջազգային իրաւունքը` պայմաններ չի ստեղծեր «Արեւմտեան ատրպէյճանցիներուն հայրենիք վերադառնալու համար»։
Ըստ անոր՝ գաղթականներու վերաբերող միջազգային փաստաթուղթերը եւ սկզբունքները կ՛աջակցին «արեւմտեան ատրպէյճանցիներու» իրաւունքներու ապահովման: «Միջազգային իրաւական փաստաթուղթերը կ՛աջակցին գաղթականներու վերադարձին ոչ միայն իրենց երկիրը, այլ նաեւ այն տարածքը, ուր անոնք նախապէս ապրած են. Հայաստան` իբրեւ իրաւայաջորդ պետութիւն այն տարածքին մէջ, ուր ապրած են արեւմտեան ատրպէյճանցիները, պէտք է ապահովէ անոնց իրաւունքները», յայտնեց Պեճանով ։
Նոյն նիստին ընթացքին, Ատրպէյճանի խորհրդարանի հանրային միաւորումներու եւ կրօնական կազմակերպութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ֆազիլ Մուսթաֆա ըսաւ հետեւեալը. «Եթէ 1 հայ վերադառնայ Ղարաբաղ, ուրեմն 1 ատրպէյճանցի պէտք է վերադառնայ «Աեւմտեան Ատրպէյճան, եթէ 1000 հայեր վերադառնան ազատագրուած տարածքներ, 1000 ատրպէյճանցիներ պէտք է վերադառնան «Արեւմտեան Ատրպէյճան»։
Ըստ անոր՝ հայկական կողմը կը ձգտի Ատրպէյճանի վրայ ճնշումի գործադրութիւնը ապահովել` Արցախի հայերու վերադարձի հարցով: Ըստ Մուսթաֆայի՝ ատրպէյճանական կողմը այս հարցին մէջ պէտք է հակապայման դնէ: