Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, թէ ՀԱՊԿի նկատմամբ Երեւանի ներկայի վերաբերումը պայմանաւորուած է Հայաստանի ներքաղաքական հարցերով եւ Լեռնային Ղարաբաղի թեմայով՝ աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր երկիր ինք իրաւունք ունի ընտրելու, թէ ի՛նչ կ՛ուզէ ընել իր ապահովութեան երաշխաւորման ոլորտին մէջ:
29 Նոյեմբերին, Ասթանայի մէջ ՀԱՊԿի վեհաժողովէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Փութին խօսեցաւ այս մասին եւ յայտարարեց, որ ՀԱՊԿը Ղարաբաղի համար պատերազմելու պարտաւոր չէր: «ՀԱՊԿը կոչուած է անդամ երկիրները արտաքին յարձակումէ պաշտպանելու: Ղարաբաղեան իրադարձութիւնները ունին իրենց իւրայատկութիւնը. Հայաստանը Ղարաբաղը չի ճանչնար իբրեւ անկախ պետութիւն եւ, անշուշտ, Ղարաբաղը չի ներառեր իր կազմին մէջ: Ուրեմն այն, ինչը տեղի ունեցաւ Ղարաբաղի մէջ, Հայաստանի հետ իրաւաբանօրէն կապ չունի, առ այդ, տարօրինակ է կարծել, թէ ՀԱՊԿը պէտք է կռուէր այդ միջերկրի տարածքին մէջ»:
Փութին նաեւ նշեց, որ Երեւան չէ յայտարարած ՀԱՊԿէն դուրս գալու մասին: «Հայաստան յայտարարեց, որ դադար կ՛առնէ, սակայն կ՛աջակցի բոլոր փաստաթուղթերուն, որոնք կ՛որդեգրուին այսօրուան մեր հանդիպման եւ բանակցութիւններուն ընթացքին: Եթէ այդպէս է, կայ կարելիութիւնը Հայաստանի՝ կազմակերպութեան ծիրին մէջ տարուող ամբողջական աշխատանքին միանալու», ըսաւ Փութին:
«Փաստերու ստուգման հարթակ»ը՝ արձագանգելով Փութինի այն պնդումին, որ ՀԱՊԿը «Երեւանի փոխարէն պիտի չկռուէր Ղարաբաղի մէջ», ուսումնասիրած է 2020ի 44օրեայ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք պաշտօնական Երեւանի յայտարարութիւնները` պարզելու համար Փութինի յայտարարութիւններու ճշմարտացիութիւնը:
«Ըստ այդմ, հայկական կողմը երբեւէ պաշտօնապէս չի պահանջել կամ խնդրել ՀԱՊԿից, որ վերջինիս ստորաբաժանումները աջակցեն հայկական կողմին Լեռնային Ղարաբաղում: Միեւնոյն ժամանակ, բաց աղբիւրներում չկայ որեւէ վկայութիւն այն մասին, որ Երեւանը 44օրեայ պատերազմի ընթացքում նման ակնկալիքներ է ունեցել ՀԱՊԿից: Փոխարէնը, հայկական կողմը ՀԱՊԿից ռազմական օգնութիւն է խնդրել 2022 թուականին ՀՀ ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ ադրբեջանական յարձակման ընթացքում: Յայտնի է, որ ՀԱՊԿն եւ անդամ մի շարք երկրների բարձրագոյն ղեկավարութիւնը ոչ միայն չեն ճանաչել իր անդամ երկրի նկատմամբ Բաքուի ագրեսիան (յարձակումը)` նշելով, որ մարտերը տեղի են ունեցել վիճելի տարածքներում, այլ նաեւ տարբեր պատճառաբանութիւններ են բերել Հայաստանի օգնութեան խնդրանքին չարձագանգելու համար: Ագրեսիայից յետոյ Երեւանի դիմումն անարձագանգ մնաց, եւ միայն շաբաթներ անց ՀԱՊԿ այդ ժամանակուայ գլխաւոր քարտուղար Ստանիսլաւ Զասն ադրբեջանական ներխուժումն անուանեց «սահմանային միջադէպ»` նշելով, որ «ՀԱՊԿ դիտորդական խումբ ստեղծելու մասին որոշում չի կայացուել»: Աւելին, կազմակերպութիւնը չի արձագանգել նաեւ նոյն թուականի Յուլիսին ՀՀ կառավարութեան նիստում վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` հայ-ադրբեջանական սահմանին դիտորդական առաքելութիւն տեղակայելու առաջարկին: Փաստացի, ՀԱՊԿն 2022 թուականին չի արձագանգել հայկական կողմի` դիտորդներ ուղարկելու առաջարկին, եւ այս փաստը հաստատում է անգամ կառոյցի այդ ժամանակուայ գլխաւոր քարտուղարը: Այսպիսով, Հայաստանն օգնութիւն է խնդրել ՀԱՊԿից ոչ թէ 44օրեայ պատերազմի, այլ 2022 թուականին Հայաստանի տարածքի նկատմամբ ադրբեջանական սեպտեմբերեան ագրեսիայի ընթացքում, ինչին կառոյցը չի արձագանգել», գրած է հարթակը։
ԸՍՏ ՄԻՆՍՔԻ՝ ՀԱՊԿ-Ի ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎՆԱՍԷ ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԵԱՆ
Հայաստանի բացակայութիւնը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) նախաձեռնութիւններէն, որոնց կարգին Ասթանայի մէջ վերջերս տեղի ունեցած վեհաժողովէն, կը վնասէ այդ երկրի հեղինակութեան, յայտարարեց ՀԱՊԿի անդամ Պելոռուսի Ապահովութեան խորհուրդի նախարար Ալեքսանտր Վոլֆովիչ:
«Կազմակերպութեան անդամներէն մէկուն միտումնաւոր բացակայութիւնը, ես այդպէս կ՛ըսէի՝ միտումնաւոր բացակայութիւնը, Հայաստանի հեղինակութիւնը դրական չի դարձներ: Բայց այդ որեւէ ձեւով անդրադարձ չ՛ունենար ընդհանուր օրակարգին վրայ», ըսաւ Վոլֆովիչ։