«Յունաստան կը պատրաստուի Երեւանին Հակաօդային պաշտպանութեան C-300 համակարգեր փոխանցելու՝ փոխարինելով զանոնք իսրայէլական արտադրութեան սպառազինութեամբ», կը հաղորդէ յունական թերթին enikos.gr կայքը, ըստ որուն, Աթէնք կը պատրաստուի Երեւանին նաեւ փոխանցել իր զինանոցին մէջ գտնուող ռուսական արտադրութեան երկու հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր:
«Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան ընդհանուր հրամանատարութիւնը զգալի յառաջընթաց արձանագրած է Հայաստանին՝ ռուսական արտադրութեան սպառազինութեան տրամադրման հարցին մէջ», կը գրէ նոյն թերթը՝ պնդելով, որ նախապէս Աթէնք մտադիր էր այդ համակարգերը Ուքրանիոյ տրամադրել, սակայն «հետագային սկսաւ քննարկուիլ ոչ-նուազ շահաւէտ այլընտրանքը»:
Ըստ enikos.gr-ի ունեցած տուեալներուն՝ Յունաստանի զինուած ուժերու զինանոցին մէջ գտնուող ռուսական սպառազինութիւնը Հայաստանին տրամադրելու նախաձեռնութեան հեղինակը Ֆրանսան է:
Երեւան մերժեց մեկնաբանել յունական մամուլին հրապարակումները: