
Պաշտօնական այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ ժամանած Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան հանդիպում ունեցաւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Քերըն Պեսի հետ:
Ըստ Երեւանի քաղաքապետարանին հրապարակած հաղորդագրութեան՝ երկկողմ գործակցութեան օրակարգին վրայ քաղաքապետները առանձնացուցին տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու կիրարկումը քաղաքային տնտեսութեան զանազան ոլորտներու մէջ:
Կարեւոր նկատելով Լոս Անճելըսի փորձառութիւնը եւ արձանագրած յաջողութիւնները նշեալ գործընթացներուն մէջ՝ Աւինեան յայտնեց, որ ինք համոզուած է, որ անիկա կրնայ օգտակար ըլլալ նաեւ թուային վերափոխման ճամբով ընթացող Երեւանի համար:
Պես իր կարգին նշեց, որ Լոս Անճելըս կանգնած է քոյր քաղաք Երեւանի կողքին եւ պատրաստ է իր փորձառութիւնը եւ «խելացի» լուծումները փոխանցել՝ նախաձեռնուած բարեփոխումները կեանքի կոչելու համար:
Պաշտօնական հանդիպումին յաջորդեց փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը: Ստորագրուած փաստաթուղթով կը նախատեսուի, որ համագործակցութիւն մը ծաւալի արհեստագիտութեան օգտագործումով բարձրորակ ծառայութիւններ մատուցելու եւ «խելացի» լուծումներ մշակելու նպատակով: