Լիբանանէն արձակուած հրթիռներ Կիրակի օր թիրախ դարձուցին Իսրայէլի մայրաքաղաք Թել Աւիւը: «Հըզպալլա»ի արձակած հրթիռները ինկան Թել Աւիւի շարք մը շրջաններու մէջ` պատճառելով վիրաւորներ եւ նիւթական մեծ վնասներ՝ միլիոնաւոր իսրայէլացիներ «առաջնորդելով»ապաստանարաններ:
Հրթիռները Թել Աւիւի արեւելեան շրջանը գտնուող Պթահ Թեքվայի մէջ շուրջ 40 ինքնաշարժներու վնաս հասցուցին եւ շարք մը վիրաւորներ պատճառեցին:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը, անդրադառնալով Թել Աւիւի հրթիռակոծման՝ սպառնաց՝ ըսելով. «Պէյրութը պիտի ցնցուի»: ««Հըզպալլա»ն իր պահեստանոցները կը դատարկէ, առ ի պատրաստութիւն զինադադարին», «Մաարիւ»ին յայտնեց իսրայէլեան ապահովական աղբիւր մը:
Երկուշաբթի օր, Իսրայէլ յայտարարեց, թէ մէկ ժամուան ընթացքին «Հըզպալլա»ի 25 թիրախներ հարուածեց։
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նաեւ հաղորդեցին, որ հրթիռ մը ինկաւ երկրին կեդրոնը գտնուող Իլաատի մէջ, իսկ այլ հրթիռ մը՝ Հերցիլիայի մօտ գտնուող Շաֆայիմ բնակեցման վայրին, ուր շէնք մը ուղղակի հարուած ստացաւ:
Հինգ հրթիռներ ինկան նաեւ Հաշարոն եւ Ղոշ Տան բնակեցման վայրերուն մէջ:
Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը «Հըզպալլա»ի կողմէ Կիրակի օրուան հրթիռակոծումը որակեց «բացարձակապէս արտասովոր»` նշելով, որ մինչեւ երեկոյեան կանուխ ժամերը արձակուած հրթիռներուն թիւը «եռապատիկ է, եւ հրթիռներու տարածումը հիւսիսի երկայնքին եւ Իսրայէլի խորքին մէջ էին»: Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու՝ «Հըզպալլա»ն մինչեւ երեկոյեան կանուխ ժամերը Իսրայէլի վրայ շուրջ 400 հրթիռներ արձակեց:
Իսրայէլեան օդուժը կը շարունակէ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու զանազան շրջաններու վրայ իր իրերայաջորդ յարձակումները: Օդուժը նաեւ յարձակում գործեց հարաւի մէջ, ինչպէս նաեւ Պաալպեք-Հերմել նահանգին մէջ, ուր արձանագրուեցաւ 2 զոհեր եւ վիրաւոր մը: