Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ծովային ուժերը կը մասնակցին միացեալ ռազմափորձերու, որոնք կ՛ընթանան Թուրքիոյ «Աքսազ» ռազմածովային յենակէտին մէջ։ Ըստ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան՝ ռազմածովային ուժերու յատուկ ստորաբաժանումները 21 Նոյեմբերին նաւերու գրաւման փորձեր կատարեցին։
Յաջորդ օրերուն, երկու երկիրներու ստորաբաժանումները ցամաքային եւ ծովային մարտավարութիւններ կը մշակեն՝ ուղղաթիռէն վայրէջք կատարելով, պայմանական ափամերձ տարածքներ գրաւելով, չպայթած զինամթերքի որոնման եւ ոչնչացման փորձեր կատարելով։
Ռազմափորձերը պիտի շարունակուին մինչեւ 29 Նոյեմբեր։