
Եւրոպա կը շարունակէ գործարքներ կնքել Ատրպէյճանի հետ, նոյնիսկ ՔՈՓ 29ի ընթացքին: Հակառակ անոր որ անիկա կրնայ ռուսական կազ չըլլալ, սակայն Մոսկուա, շատ հաւանաբար, կրնայ շահիլ, գրած է «Փոլիթիքօ»ն (Politico):
«Արեւմտեան երկիրները յոյս ունին, որ Ատրպէյճան պիտի օգնէ իրենց դադրեցնելու Մոսկուայի հանածոյ վառելանիւթէն կախեալութիւնը` կնքելով բնական կազի շարք մը համաձայնագիրներ նոյնիսկ Պաքուի մէջ ՔՈՓ 29 համաժողովին ընթացքին: Բայց ասիկա միակ հեգնական կացութիւնը չէ, արդարեւ, այդ գործարքները, վերջապէս, կրնան օգուտ բերել Ռուսիոյ:
«Այն պահէն, երբ Մոսկուան սկսաւ Ուքրանիա լայնածաւալ ներխուժումը, Եւրոպական Միութիւնը նայեցաւ դէպի պաշարներով հարուստ Ատրպէյճան` փոխարինելու համար ռուսական ուժանիւթը, որուն կ՛ապաւինէր տարիներով: Իսկ Ատրպէյճան միայն ուրախ էր օգնելու: 2022ին, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն Տեր Լէյեն փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրեց հարաւային Կովկասի մէջ երկրի մը հետ՝ կազի արտածումը ընդլայնելու համար: Այնուհետեւ, իբրեւ ՔՈՓ 29 համաժողովի հիւրընկալող, մենատէր նաւթային պետութիւնը անամօթաբար ցուցադրեց նոր համաձայնագիրներ եւրոպական քանի մը երկիրներու հետ: Նախագահ Իլհամ Ալիեւ նոյնիսկ համաժողովի ծիրին մէջ այդպիսի գործարքի մը ստորագրութեան արարողութեան մասնակցեցաւ: Սակայն, Եւրոպա արտածումը աւելցնելու համար Ատրպէյճան մեծապէս աւելցուցած է Ռուսիայէն հանածոյ վառելիքի սեփական ներմուծումը: Որոշ հետազօտողներ կը կասկածին, թէ երկիրը կրնայ պարզապէս վերապիտակաւորել ներածուող ռուսական վառելիքին մէկ մասը եւ զայն ուղարկել Եւրոպա, թէեւ Ատրպէյճան կը պնդէ, որ բեռները նախատեսուած են բացառապէս ներքին օգտագործման համար: Յամենայնդէպս, ասկէ կը շահի Մոսկուա: «Ատրպէյճան կը փորձէ դիրքաւորուիլ իբրեւ Եւրոպական Միութեան հիմնական ուժանիւթի գործընկեր», կը նշէ ICIS հետազօտական ընկերութեան կազի շուկայի փորձագէտ Աուրա Սզապատուս: Բայց անոնք այդպիսի արտադրական հզօրութիւն չունին»։ Այս համաձայնագիրը ընդամէնը մէկն է այն փոխզիջումներէն, որոնց արեւմտեան երկիրները կը դիմեն Ատրպէյճանի հետ մօտենալու ատեն: Նաւթային պետութիւնը նաեւ կը վերահսկէ տեղական այլախոհութեան դէմ ճնշումը, ինչ որ, ըստ իրաւապաշտպան խումբերու, սրած է համաշխարհային բեմին վրայ իր ներկայ իրավիճակը: Եւրոպացիները Ատրպէյճանը կը տեսնեն իբրեւ այլընտրանք Ռուսիոյ, բայց Ատրպէյճանէն կազ գնելը կը նշանակէ գնել Ռուսիայէն» կ՛ըսէ ատրպէյճանցի այլախոհ Ժալեա Պայրամովա: Անցեալ շաբաթ Ատրպէյճանի ուժանիւթի նախարարութիւնը յայտնած էր, որ երկիրը 8.6 տոկոսով աւելցուցած է բնական կազին՝ Եւրոպա վաճառքը, ինչ որ կազմած է գրեթէ մէկ միլիառ խորանարդ մեթր վառելիք, եւ ասիկա տակաւին սկիզբն է: SOCAR-ը կը նախատեսէ մինչեւ 2033 կազի տարեկան արտադրութիւնը շուրջ 37 միլիառ խորանարդ մեթրէն հասցնել 49 միլիառ խորանարդ մեթրի, ինչ որ կը հակասէ հանածոյ վառելանիւթի արտադրութեան կրճատման համաշխարհային կլիմայի նպատակներուն։
«Այս յաւակնութիւնները ակնյայտ էին ՔՈՓ 29ին ընթացքին, երբ Ալիեւ կազի գործարքներ կնքեց Սլովաքիոյ, Պուլկարիոյ եւ Սերպիոյ հետ` երկրին ճանապարհ հարթելով երկրամասին մէջ ուժանիւթի մեծ արտադրողի դիրքերը ամրապնդելու համար: Սակայն, Ատրպէյճանի մէջ արտադրութեան ակնկալուող աճը տակաւին զգալիօրէն ցած է այն մակարդակէն, որ կը պահանջուի Եւրոպայի մէջ մատակարարման շուկայի հիմնական խաղացողներէն մէկը դառնալու համար: Փոխարէն, Ատրպէյճան սկսաւ բնական կազ ներածել ռուսական պետական «Կազպրոմ» ընկերութենէն` նախնական պայմանագիր մը կնքելով առնուազն 1 միլիառ խորանարդ մեթր մատակարարման համար: Պաքու նաեւ բանակցութիւններ կը վարէ ռուսական կազ գնելու եւ զայն Ուքրանիոյ տարածքով Կեդրոնական Եւրոպա տեղափոխելու համար, ինչ որ վառելանիւթի մատակարարումներու ապահովման համար կարելի լուծում մըն է, երբ Քիեւի եւ Մոսկուայի միջեւ գործող տարանցիկ համաձայնագիրի ժամկէտը աւարտի տարեվերջին: Սակայն, այս ստեղծագործ լուծումը պարզապէս դիմակ է` պահելու համար անյարմար ճշմարտութիւնը` ըստ էութեան, Ատրպէյճան Եւրոպայի համար պիտի լուայ ռուսական կազը», կը գրէ «Փոլիթիքօ»ն: