ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Տակաւին չէ գտնուած մէկը, որ կարենայ ամբողջութեամբ սահմանել երջանկութիւնը: Իւրաքանչիւր մարդու սեփական զգացումներուն չափանիշով կարելի է որոշել երջանկութեան սահմանը, տուեալ անհատին ընդունած երջանկութեան սկզբունքին ծանօթանալով: Ուրեմն, տուեալ մարդուն ընկերային միջավայրէն, ապրած կեանքի պայմաններէն, դիմագրաւած դժուարութիւններէն դուրս գալու բախտէն եւ դեռ ուրիշ շատ մը խնդիրներէ կախեալ է երջանկութիւնը վայելելու միջոցը:
Մի սպասեր, որ մէկը քեզ երջանկացնէ, կամ ընդհանրապէս երջանիկ պահէ: Դուն քեզ պիտի երջանկացնես եւ միշտ երջանիկ պիտի պահես: Մնացեալը մնայուն տանջանք է, ներքին խռովութեան պատճառ, մտային ու հոգեկան խախտումներու առիթ, որոնք կեանքի տեւողութիւնն ալ կը կրճատեն: Առօրեայ կեանքը այնքան բազմատեսակ նիւթերով «ճոխացած» է, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրին պէտք չէ՛ ժամանակ տրամադրել: Ընդհակառակը, ամէն օր կան այնպիսի հարցեր, որոնցմէ շատերը միայն ժպիտիդ արժանի են, եւ որմէ ետք ճամբադ փոխելով հեռանալդ պէտք է տեսնեն:
Երջանկութեան ծարաւ մարդոց յաճախ կը հանդիպինք բոլորս ալ: Երբեմն այն տպաւորութիւնը կ՛ունենանք, որ անոնք աղքատ մարդիկ են: Սխալ է այս մօտեցումը, որովհետեւ շատ հարուստներ կան, որոնք իրենց ապահով կեանքին մէջ իսկ դժբախտ կը զգան, եւ երջանկութեան կարօտ ըլլալու զգացումը կ՛արտայայտեն մտերիմներու հետ զրոյցի ընթացքին: Իրենց մտերիմներուն արտայայտուելով, անոնք ուրախութեան ծարաւ ըլլալու խօսքերով, նոյնիսկ օգնութիւն կը խնդրեն:
Ինչո՞ւ ըսինք, որ սխալ է կարծել, որ վերոյիշեալները հարուստ ըլլալով, երջանկութեան կարիք չունին, այսինքն միշտ երջանիկ են: Այս գաղափարը նիւթապէս կարիքաւոր եւ մտապէս աղքատ մարդոց մտայնութեան մէջ կը գտնուի: Ասոնք չեն հասկնար, որ հարուստն ալ մտահոգութիւններ կ՛ունենայ, երբեմն աւելի բարդ հարցերու դիմաց կանգնած կ՛ըլլայ, եւ նոյնիսկ կեանքէն հրաժարելու որոշում կրնայ առնել…։ Օրուան հացին կարօտ մարդուն մտքէն իսկ չ՛անցնիր վերոյիշեալ իրավիճակը հարուստին, որուն կեանքը հեռուէն դիտելով, նախանձելի վիճակ կը համարէ ան:
Այս հարցերուն գծով, կարիքաւորը ուրիշներէն, մանաւանդ հարուստներէն օգնութիւն կը խնդրէ: Անձնական միջոցներով լուծման հասնելէ առաջ, նիւթական խն-դիրներուն լուծում տալէ աւելի, պէտք է ներքին երջանկութեան խնդիրը լուծէ մարդը: Այս է գաղտնիքը ամէն օր երջանիկ կեանք ունենալուն: Առողջական խնդիրներ, ընկերային հարցեր եւ այլ դժուարութիւններ չտեսած անձեր կա՞ն աշխարհի վրայ: Ատոնք միայն գերմարդկային էակներուն յատուկ իրավիճակներ են: Մենք բոլորս ալ մահկանացու ենք, ճիշդ է. սակայն հոգեկան ներքին ուժականութեամբ կրնանք հոգեպէս զգացուած տագնապը հեռացնել մեզմէ, եւ նոյնիսկ ցաւերու մէջ, մխիթարական պահեր կրնանք վայելել: Փորձառութիւնը կեանքի աւելի բարձր խաւ մըն է, որուն արժանի եղողը, իր կեանքի բոլոր օրերուն երախտապարտ կը մնայ Աստուծոյ…։ Միշտ հաւատա՛, որ ժամանակը ամէն ինչ փոփոխութեան կ՛ենթարկէ: Անիկա, պատկերաւոր ոճով, կը նմանի գետի հոսանքին, որ միշտ պատրաստ է նոր ձուկեր յառաջ բերելու դէպի քեզի, եթէ պատրաստ ես որսալ զանոնք…։
Երջանկութեան ձգտում արտայայտողներուն սխալ ձեւերէն է նաեւ ուրիշներէն սպասել, որ ժամանակ տրամադրեն իրենց: Ներկայ կեանքի պայմանները բոլորիս աչքերուն առջեւ ըլլալով, ամէնքս ալ գիտենք, որ իւրաքանչիւր անձ ինք իրմով աւելի զբաղած է, եւ առաջնահերթութիւնը նախ իր անձին կու տայ, եւ ո՛չ թէ ուրիշին: Ուրեմն, անոնք ազատութիւն ունին, նախ իրենց սեփական կեանքին հասնելու: Յետոյ, եթէ ներքին փափաք ունենան, անոնք կրնան օգնել մեզի: Ահա առօրեայ կեանքի ճշմարտութիւններէն մէկը, որ յաճախ սովորական լեզուի նիւթ չի՛ դառնար, եւ քաղաքավարութեան օրէնքներուն նկատմամբ եղած յարգանքին պատճառաւ ծածկուած կը մնայ հանրութենէն: Ընդհանրական նկատուող այս սկզբունքը, փոխադարձ ազնիւ յարաբերութիւն պէտք է համարել մարդոց միջեւ, ջուրի նման պարզ, որ ո՛չ գոյն ունի, ո՛չ ալ ձեւ, սակայն անսահման կարիք է այս աշխարհի կեանքին համար:
Մարդ էակին ուրախութեամբը գոհ մնացող եւ միշտ զայն ուրախ տեսնելու պատրաստ էակը այս աշխարհի մէջ, իւրաքանչիւր անձին մայրն է: Հետզհետէ դէպի անձնասիրութիւն եւ նոյնիսկ անձնամոլութիւն ընթացող աշխարհին մէջ, դժուար է գտնել մօրմէ աւելի հաւատարիմ անձ: Անիկա միակն է, որուն սէրը այս աշխարհին մէջ անկրկնելի է: Բնութիւնը կենդանական աշխարհին մէջ եւս նոյնին նմանութիւնը ցոյց կու տայ մեզի, սակայն բնազդային ժամանակաւոր սահմանագծում ունի անոնց պարագային, մինչ մարդկայինը՝ մինչեւ գերեզման անխափան ընթացք մըն է: Երջանկութեան կարեւորագոյն կէտերէն մէկը չէ՞ այս երեւոյթը…։ Երանի՜ անոնց, որոնք մինչեւ իրենց ծերութիւնը կը վայելեն իրենց խոր ծերութեան մէջ գտնուող մօր սէրը, գուրգուրանքը եւ մէկ խօսքով՝ մայրութիւնը…։
Երջանկութիւնը մնայուն հետապնդման կը կարօտի՞ արդեօք: Այս հարցումն ալ սեփական պատասխանի կը կարօտի, իւրաքանչիւր մարդու կողմէ: Մարդ կայ, որ իր ապրած երջանկութեամբ գոհ է արդէն, իսկ ուրիշ մը, որ արդէն երջանիկ է, բայց աւելի երջանկութիւն կը սպասէ իր կեանքի ընթացքին: Ընդհանուր գաղափարը, որ շինիչ է նաեւ, այն է՝ որ իւրաքանչիւր մարդ իր անձը պիտի չհեռացնէ երջանկութեան գաղափարէն, որովհետեւ կեանքի ընթացքին լաւ անակնկալներ կրնան պատահիլ: Եթէ պատրաստ չըլլաս զանոնք դիմաւորելու, դուն պիտի տուժես: Անձդ միշտ երջանկութեան զգացումով պահելն է, անակնկալօրէն քեզի մօտեցող լաւ երեւոյթներէն օգտուելու գաղտնիքը: Չմոռնաս, որ կեանքի մէջ լաւ երեւոյթներու գոյառումը ժամանակ կը պահանջէ… ուրեմն համբերող եղի՛ր, դուն քեզ շատ սիրելէն աւելի:
Երջանկութիւն սպասողներուն մէջ ամէնէն շատ յուսահատողները, յանկարծ օր մը վատ դէպք մը կրելու ցաւէն կը տառապին, եւ այդ օրը իրենց կեանքի վերջին օրը կը համարեն: Հայոց Արտաշէս արքայի մահուան ժամանակ բազմաթիւ հայեր վերջ տուած են իրենց կեանքին…։ Մեր օրերուն ալ տեսած ենք նախագահներու թաղման ժամանակ անձնասպան եւ կամ իրենք իրենց մարմինը վիրաւորող յուղարկաւորներ, որոնք իրենց կեանքը ուզեցին զոհաբերել, նախագահի գերեզմանի մէջ ամփոփման պահուն: Պատահող մէկ դէպք, նոյնիսկ եթէ մեր անձին հետ առնչուած է ատիկա, մեր կեանքին վերջ տալու կարողականութիւն չունի: Կեանքը շատ աւելի կ՛արժէ քան պատահող դէպք մը, որչքան ալ ծանր ըլլայ ատիկա:
Երջանկութիւն ակնկալող մարդոց տրուելիք լաւագոյն յոյսերէն մէկը, անոնց ըսելն է. «սպասէ՛, վաղը աւելի լաւ պիտի ըլլայ»: Յոյսը մարդուն մէջ կը մեռնի, անոր մահէն ետք միայն: Իրենց կեանքէն յոգնած, երբեմն շատ յուսահատ մարդոց տրուած լաւագոյն խրատը այն է, որ վաղուան արշալոյսին հետ նոր կեանք մը պիտի վայելեն անոնք:
Ժպիտը ամէնէն ազդեցիկ ծածկոյթ վարագոյրն է մեր դէմքին վրայ քաշուած: Եթէ անհատականութիւն ունիս, ուրեմն չե՛ս ուզեր, որ մարդիկ տեսնեն ներսիդիդ, կամ տեղեակ ըլլան հոգեկան այն դժուարութիւններուն, որոնցմէ կ՛անցնիս: Թող երջանիկ կարծեն քեզ, մի՛ մտահոգուիր, ոչինչ կը կորսնցնես, այլ երջանկութիւնդ կը բազմապատուի: Փորձէ դո՛ւն երջանկացնել անձդ: