Հայաստանի կառավարութեան մէջ տրուած հրաժարականներէն ետք սկսան Ազգային ժողովի եւ պետական այլ կառոյցներու մէջ հրաժարականները։ Արդարեւ, 19 Նոյեմբերին, Ազգային ժողովի առողջապահութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ, «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան պատգամաւոր Նարեկ Զէյնալեան յայտարարեց «իր նախաձեռնութեամբ» պատգամաւորական իր լիազօրութիւնները դադրեցնելու մասին։
Հայաստանի Հանրապետութեան բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան եւ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան, ըստ իրենց դիմումին, դադրեցուցին անդամակցութիւնը «Իմ Քայլը» բարեսիրական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդին:
Այս մասին նշեցին հիմնադրամէն՝ ընդգծելով, որ «անդամակցութեան դադարեցման պատճառ է հանդիսանում նախարարների աշխատանքային ծանրաբեռնուածութիւնը»: