Թուրքիոյ եւ Իրանի սահմանին վրայ` Վան նահանգին մէջ, ուր կայ 295 քիլոմեթր երկայնքով սահմանային հատուած մը, լայնածաւալ աշխատանքներ կը տարուին սահմանային պատի մը կառուցման ուղղութեամբ:
«Պատին նպատակը ապօրինի սահմանահատումները, մաքսանենգութիւնները եւ ահաբեկիչներու ներթափանցումները կանխելն է», կը հաղորդեն թրքական աղբիւրներ:
Թուրքիա-Իրան սահմանին երկայնքին շաղախէ պատին 70 տոկոսը կառուցուած է, իսկ մնացածին շինարարութիւնը պիտի աւարտի 2025ին: