Կիրակի օր, իսրայէլեան օդուժերը յարձակում գործեցին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի Ռասուլ Նապհ շրջանին մէջ գտնուող շէնքի մը վրայ, ուր կը գտնուէր «Պաաս» կուսակցութեան կեդրոնատեղին: Աւելի ուշ յստակ դարձաւ, որ յարձակումին թիրախը «Հըզպալլա»ի հանրային կապերու պատասխանատու Մուհամմատ Աֆիֆն է: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաստատեց, որ Աֆիֆ ահաբեկման գործողութեան թիրախն էր:
«Պաաս» կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ալի Հիժազի յայտարարեց, որ Աֆիֆ սպաննուած է՝ աւելցնելով, որ զայն թիրախ դարձնելու նպատակը «Դիմադրութեան ձայնը տեղեկատուական, քաղաքական եւ բոլոր մակարդակներուն վրայ լռեցնելն է, որովհետեւ այդ ձայնը իր էութիւնը ցոյց կու տայ»:
Յարձակումին զոհ գացին նաեւ առնուազն չորս քաղաքայիններ եւ վիրաւորուեցան 14 ուրիշներ։
«Կեդրոնական Պէյրութի վրայ իսրայէլեան յարձակումը 11 Հոկտեմբերէն ի վեր առաջինն էր», յայտնեց «Սքայ Նիուզ»ը:
Նոյնպէս Կիրակի օր, իսրայէլեան օդուժերը միաժամանակ առաւել քան 27 յարձակումներ գործեցին Պէյրութի հարաւային արուարձաններու զանազան շրջաններու վրայ` քանդելով շարք մը շէնքեր: Իսրայէլեան բանակը պնդեց, թէ ««Հըզպալլա»ի զինուորական կեդրոններ»ը թիրախ դարձուցած է:
Իսրայէլեան օդուժերը նաեւ շարունակեցին յարձակումներ գործել հարաւային Լիբանանի զանազան շրջաններու վրայ, մասնաւորաբար Սուրի վրայ, իսկ Պեքաայի մէջ` Սըհմոր գիւղին վրայ:
«Հըզպալլա»ն իր կարգին յայտարարեց, որ առաջին անգամ ըլլալով հրթիռակոծած է Հայֆայի հարաւ-արեւելքը գտնուող «Նիշեր» ռազմակայանը, ուր կը գտնուի կազի կայարան մը: «Հըզպալլա»ն նաեւ յայտարարեց, որ հրթիռակոծած է Հայֆայի մօտ զինուորական ռազմավարական ռազմակայաններ։ Կուսակցութիւնը երէկ ալ հրթիռակոծեց «Մաալիէ Կոլանի» զօրանոցը, ինչպէս նաեւ Խիամ գիւղին մերձակայքը հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը:
«Մանար»ը հաղորդեց, որ իսրայէլեան ուժերը հրետանիի բուռն ռմբակոծումով եւ ֆոսֆորային ռումբերու օգտագործումով փորձեցին դէպի Խիամ գիւղի հարաւը եւ արեւելքը յառաջանալ:
«Խիամ գիւղի հարաւային ծայրամասերուն մէջ «Հըզպալլա»ի մարտիկներուն եւ իսրայէլեան ուժերուն միջեւ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան», հաղորդեց «Ճազիրա»ն:
«Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին 1349 գործողութիւններ կատարեցինք, եւ բռնագրաւումին կորուստները հասան առաւել քան 100 սպաննուած անձերու», յայտնեց «Հըզպալլա»ն: